Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիական Վարչակարգին Գծով Կեցուածքներս Կը Միտին Պաշտպանել Ֆրանսայի Շահերը» Կ՛ըսէ Մարին Լը Փեն

Փետրուար 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Մարին Լը Փեն երէկ աւարտեց Լիբանան իր այցելութիւնը` անջատ հանդիպումներ ունենալէ ետք լիբանանցի ղեկավարներու հետ:

Նախ եւ առաջ Լը Փեն այցելեց Պաապտայի պալատ եւ նախագահ Միշել Աունի հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու երեւոյթին եւ անոր քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական հետեւանքներուն շուրջ` ընդգծելով, որ Լիբանան անզօր է երկար ատեն դիմանալ այս բեռին տակ:

Լը Փեն նաեւ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, ապաբեկչութեան սպառնալիքը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Այս առիթով ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածուն բարձր գնահատեց Լիբանանի դերը, յատկապէս խաղաղութեան մշակոյթի տարածման մէջ:

Իր կարգին, Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար սաւառնիլ առանց իր երկու թեւերուն` դիտել տալով, որ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն չեն Արեւելքի մէջ: Ռայի պատրիարքը շեշտեց քրիստոնեաներու դերը Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ` անհրաժեշտ ներուժ դառնալով անոր (Լիբանանին) իրենց միասնականութեամբ:

Իր տեսակցութիւններուն աւարտին, Լը Փեն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որ «Զէյթունա Պէյ»-էն փոխադրուեցաւ այլ տեղ` շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Իպրահիմ Ապտալլայի զօրակիցներու բողոքի հաւաքին պատճառով:

Իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուն շեշտեց Լիբանանի դերը Արեւելքի մէջ` նշելով առնչակից երկիրներու պարտաւորութիւնը` սուրիացի գաղթականներու բեռի մեղմացման համար իրենց խոստումներու գործադրութեան առնչութեամբ: Լը Փեն շեշտեց Լիբանանի օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը` խոստանալով նախագահ ընտրուելու պարագային մեծապէս օժանդակել լիբանանեան բանակին:

Լը Փեն շեշտեց նաեւ առնչակից երկիրներու պատասխանատուութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով, որուն սպառնալիքներէն զերծ չէ Լիբանան:

Այս առնչութեամբ Լը Փեն դիտել տուաւ, որ ոչ բոլոր շրջանները պատերազմի արհաւիրքը կ՛ապրին Սուրիոյ մէջ, հետեւաբար կարելի է Լիբանան ապաստանած սուրիացիները վերադարձնել իրենց բնակավայրերը: Ան վերահաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական սպառնալիքին դէմ լուծման ելք կարելի է գտնել նաեւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ գործակցելով: Լը Փեն իր այս կեցուածքը հիմնաւորեց նշելով, որ անիկա կը միտի պաշտպանել Ֆրանսայի շահերը:

Խորքին մէջ, սակայն, Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուին Լիբանան այցելութիւնը ունի նաեւ այլ հեռանկարներ, ինչպէս` իր թեկնածութեան վարկի ամրագրումը յաչս ընտրողներու հանրային կարծիքին: Արդարեւ, նախքան Լիբանան իր այցելութիւնը, Լը Փեն հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի աշխատակազմին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մօտիկ «Բանալի» անձնաւորութիւններու հետ:

Նոյն քայլին դիմած էին նաեւ Ֆրանսայի նախագահական այլ թեկնածուներ` Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Ֆրանսուա Ֆիյոն: Վերջինս կը ծրագրէր երկրորդ անգամ այցելել Լիբանան, սակայն «Քանար Անշենէ»-ի հրապարակած գայթակղեցուցիչ տեղեկութիւնները իր ընտանեկան պարագաներուն մասին, ետ մղեցին զինք նման քայլէ:

Այսուհանդերձ, անկախ թեկնածուներու Լիբանան այցելութեան հետապնդած հեռանկարներէն, էականը այն է, որ անոնք կը վերահաստատեն Լիբանանի դերն ու վարկը միջազգային յարաբերութեանց հարթակին վրայ, հակառակ իր «մատիտի ծայրին չափ» աշխարհագրական փոքր դիրքին:

Միւս կողմէ, Մարին Լը Փեն «կնոջ կողմէ նուաստացումի եւ ենթակայութեան» նշան որակեց լաչակի գործածութիւնը, զոր ան մերժեց կատարել` «արմատական ծայրայեղ կեցուածք» որակելով իրեն «պարտադրուած»` միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի հետ գլխու լաչակով տեսակցելու ոճը:

Իր կարգին, Տար Ֆաթուա հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց, որ ֆրանսացի հիւրը անտեսած էր լիբանանեան հոգեւոր այս կառոյցին աւանդական «փրոթոքոլ»-ը:

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-Ի Հաղորդավար Հալա Հատտատի Անդամակցութեամբ. Լսողատեսողական Մարզի Պաշտօնեաներու Սենտիքան Ընտրեց Իր Նոր Վարչութիւնը

Յաջորդը

Ամերիկեան Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրութեան Պարագային «Կոչ Պիտի Ուղղեմ Արաբական Բոլոր Դեսպանատուներու Փակումին» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?