Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պետական Ամավարկի Քննարկումները Ամբողջացուցինք, Իսկ Տնտեսութեան Նախարարը Պիտի Հետապնդէ Ինքնագլուխ Սակերու Բարձրացում Կատարող Վաճառականները» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Մարտ 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2017-ի պետական ամավարկի քննարկումը:

Շուրջ չորս ժամ տեւած նիստէն ետք, Հարիրի լրագրողներուն յայտնեց, որ ոչ մէկ տուրք պարտադրուած է, ո՛չ աշխատավարձի յաւելումներուն եւ ո՛չ ալ մեր քննարկած պետական ամավարկին մէջ:

Հարիրի նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն պարագային պարտադրուած տուրքերը նոր չեն, այլ` 2014-էն ի վեր յայտնի են բոլորին, իսկ մնացեալ տուրքերը, որոնք շրջանառութեան մէջ դրուած են, ինչպէս` հացի վրայ տուրքը եւ այլ տուրքեր, ապա անոնք սուտեր են:

«Այս կառավարութիւնը ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն է, որովհետեւ մենք կը փափաքինք լիբանանցիներուն եւ մեր միջեւ յարաբերութիւնները յստակութեան եւ թափանցիկութեան վրայ հիմնել: Իսկ ինչ կը վերաբերի փտածութեան դէմ պայքարին, ապա մենք բոլորս պէտք է անոր դէմ պայքարինք եւ զայն արմատախիլ ընենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախապէս Լիբանանի դիմագրաւած նախագահական թափուր դրութեան պատճառով փտածութիւնը բազմապատկուած է պետական բոլոր կառոյցներուն մէջ:

Հարիրի հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն տարբեր հաստատութիւններու մէջ մսխումը կասեցնելու իմաստով:

Հարիրի դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ պետական հաստատութիւններուն մէջ նշանակումներ կատարել, որպէսզի պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուելիք մսխումը վերջ գտնէ: «Մենք լիբանանցիներուն հետ շատ անկեղծ պիտի վարուինք եւ մեր կատարած բոլոր քայլերուն մէջ թափանցիկ պիտի ըլլանք: Իսկ պետական ամավարկը կը քննարկենք` զայն վաւերացնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ունի իր ընկերային եւ տնտեսական հարցերը, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի հսկայ բաց մը, որուն լուծում պէտք է գտնուի:

«Հետեւաբար, երբ հսկայ գումարներ ծախսելու որոշումներ կը տրուին, ապա պէտք է տուրքեր պարտադրել այդ յաւելումները վերջնականացնելու նպատակով: Պետական ամավարկի քննարկումները այսօր կատարեալ լաւատեսութեամբ եւ դրական մթնոլորտի մէջ ամբողջացուցինք, իսկ պետական ամավարկը իր վերջնական ձեւին մէջ նախարարներուն պիտի փոխանցուի` զայն վաւերացնելու նպատակով», ընդգծեց Հարիրի:

Հարիրի նշեց, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հրապարակած է շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ան պիտի հետապնդէ բոլոր այն վաճառականներն ու վաճառատուները, որոնք ինքնագլուխ սակերու բարձրացում կը պարտադրեն: «Եթէ ուզենք աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել, ապա կան որոշ հոլովոյթներ, որոնք պէտք է գործադրուին: Ոչ ոք թող մտածէ, որ կառավարութեան միասնականութիւնը խոցուած է, եւ նախանցեալ օրուան պատահարը կառավարութեան վերջն էր: Ընդհակառակն` այդ պատահարը աւելի եւս ամրապնդած է կառավարութեան միասնականութիւնը», հաստատեց ան:

Հարիրի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին է, որ խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի մը:

Իր խօսքը ուղղելով Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն` Հարիրի ըսաւ. «Պէտք չունիք ցոյցեր կատարելու, որովհետեւ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը մտադրած են անպայման ձեր իրաւունքները շնորհել»:

Նախորդը

«Լիբանան Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Կրօններուն Միջեւ Հանդիպման Կեդրոն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Ղարաբաղը Պիտի Ըլլայ Հայերուն Գերեզմանը» Արտայայտութեան Համար Հոլանտայի Մէջ Իլհամ Աշքին Դատապարտուած Է 2 Տարի Պայմանական Ժամկէտով

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?