Սայիտա Զահրայի ծննդեան տօնին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները մտահոգող տուրքերու եւ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին պէտք է այլ մօտեցում ցուցաբերել` հեռու մնալով հաշիւ մաքրելու հոգեբանութենէն:
«Անկախ գոյութիւն չունեցող սուտ տուրքերէն եւ աւելորդաբանութիւններէն, խօսքս կ՛ուղղեմ քաղաքական ուժերուն եւ կը հաստատեմ, որ այս թղթածրարին պարագային ժողովրդային մօտեցումը անօգուտ է, որովհետեւ 260 հազար ընտանիք, այսինքն` շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցի կը սպասեն աշխատավարձի յաւելումի, հետեւաբար անկարելի է այդ հարցին ժողովրդային մօտեցում ցուցաբերել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան ընդգծեց, որ պահանջուածը այս թղթածրարին նկատմամբ արդար մօտեցում ցուցաբերելն է` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումին, որովհետեւ անիկա իրաւունք մըն է, որ պէտք է շնորհուի: «Միւս կողմէ, սակայն, յաւելումներու ֆինանսաւորումին համար պէտք է լուրջ աշխատանք տանիլ, որովհետեւ եթէ յաւելումներուն համար կարելի չըլլայ ներդրում ապահովել, ապա անոր իրականացումը անկարելի կը դառնայ», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները կարելի է ֆինանսաւորել առանց մէկ լիբանանեան ոսկիի տուրք պարտադրելու համեստ դասակարգին վրայ: «Կոչ կ՛ուղղենք համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ ոչ մէկ տուրք պարտադրելու եւ այս կեցուածքին կառչած կը մնանք 1992-էն ի վեր», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը յաւելումները ֆինանսաւորելու այլընտրանքը պիտի ներկայացնէ բոլոր պլոքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ անիկա շատ աւելի կարեւոր է յաւելումներէն եւ պետական ամավարկէն:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը կը մօտենայ, իսկ թափուր դրութեան կամ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարելու եւ քաղաքական ուժերը կատարուած իրողութեան դիմաց դնելու փորձերը վատ ընտրանքներ են, աւելի՛ն, անոնք վտանգաւոր փորձեր են», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` կոչ ուղղելով բոլորին զիջումներ կատարելու եւ համաձայնելու արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ երկիրներուն մէջ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կը սպառին եւ զինուորական թէ քաղաքական ապագայ չունին, որովհետեւ անոնք այսօր բոլորին` Միացեալ Նահանգներու, միջազգային դաշինքին, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողմէ կը ռմբակոծուին:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութեան առանցքը, ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ Իրաքի եւ ո՛չ ալ Եմէնի մէջ պարտութիւն պիտի կրէ: