Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Կարելիութիւնները

Մարտ 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ ընտրական նոր օրէնք մը կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել: «Մենք  պատրաստ ենք ներկայացուելիք ընտրական օրէնքներու բոլոր տարբերակները քննարկելու` հաստատելու համար, որ այս կամ այն ընտրական օրէնքի խոչընդոտներ ստեղծողները չենք», նշեց ան:

Հարիրի ընդգծեց, որ երկրին մէջ կան քաղաքական կողմեր, ինչպէս Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որոնք պէտք է հանգիստ ըլլան:

Անդրադառնալով տուրքերու հարցին, Հարիրի շեշտեց, որ ժողովուրդին կը հաստատենք, թէ միայն յաւելեալ տուրքեր չէ, որ պիտի պարտադրուի քաղաքացիին վրայ: «Ինչ որ հրապարակուեցաւ տուրքերու ցանկին մասին հսկայ սուտ մըն է: Մենք չենք փափաքիր քաղաքացիին վնաս հասցնել: Կան ընկերութիւններու եւ ծովային կալուածներու վրայ տուրքեր, որոնցմէ կրնանք օգտուիլ` ֆինանսաւորելու համար յաւելումները», ըսաւ Հարիրի:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին թափանցիկ եւ յստակ ըլլալ լիբանանցիներուն հետ, աւելցնելով, որ աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը կարեւոր է, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական աճը մէկ առ հարիւր է:

Քաղաքացիին շահերուն համար կարեւոր է վարչական բարեկարգում ապահովել:

«Ես կը հասկնամ ժողովուրդին ցաւը եւ այդ պատճառով ալ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ պատահած դէպքը զիս չէ նեղացուցած», յայտնեց Հարիրի, աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը հարցերու լուծման եւ ժողովուրդ-պետութիւն վստահութեան վերահաստատման կառավարութիւն է:

Պըրրիի Մօտ

Երեկոյեան Հարիրի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւնները, ընտրական օրէնքը, քաղաքական եւ ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ապրուստի եւ աշխատավարձի յաւելումին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ . «Առանց Ընտրական Նոր Օրէնքի Երեսփոխանական Ընտրութիւն Չկայ, Հետեւաբար Թեքնիք Յետաձգումը Անխուսափելի Է» Շեշտեց Մաշնուք

Յաջորդը

Էսիենի Կինը Գնեց Քոմօ Ֆութպոլի Ակումբը

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?