Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քամալ Ժոմպլաթի Նահատակութեան 40-ամեակին Առիթով. Ուալիտ Ժոմպլաթ Իր Ընտանիքին Քուֆիէն Յանձնեց Իր Զաւկին

Մարտ 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան 40-ամեակը ոգեկոչելու պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան, երէկ Մուխթարայի մէջ Ժոմպլաթ ընտանիքին քուֆիէն յանձնեց իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ «40 տարի առաջ` 16 մարտին, կանգ առինք Մուխթարայի պալատի բակին մէջ եւ մեր արցունքն ու կսկիծը զսպելով յայտարարեցինք մեր կարգախօսը. «Ձեր մեռելները թաղեցէ՛ք եւ ոտքի ելէ՛ք»:

«Քառասուն տարի շարունակ ձեր սիրով եւ անկեղծութեամբ, միասնաբար կրցանք վարել այս նաւը` շրջանցելով բազմաթիւ փոթորիկներ, մրրիկներ, համաձայնութիւններ, հակադրութիւններ եւ թաղելով բազմաթիւ նահատակներ ու բարեկամներ: 40 տարի ընկերակցեցաք ինծի, մահացան ու նահատակուեցան շատեր, սակայն մնաց կուսակցութիւնը` միացեալ եւ հպարտ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ եթէ Քամալ Ժոմպլաթի ժողովրդային ազատագրութեան ուժերը չըլլային, ապա այսօր այս հրապարակին վրայ անկարելի էր, որ կանգնած ըլլային:

Ան նշեց, որ Մուխթարայի նախորդ 40 տարուան պատմութիւնը կրցած են հպարտութեամբ կերտել` ձախողեցնելով 17 մայիսը եւ պաշտպանելով Լիբանանի արաբականութիւնը:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք 40 տարի կրած է իր հօր արիւնով ներկուած քուֆիէն` աւելցնելով, որ տասնամեակներ շարունակ սպասուած է հաշտութիւնը, որ ի վերջոյ կայացած է: «Այդ հաշտութիւնը Լեռնալիբանանի հաշտութիւնն է, որ վերածուեցաւ Լիբանանի հաշտութեան», աւելցուց ան:

Ժոմպլաթ յորդորեց ներկաները ամէն ինչ զոհելու` ի խնդիր խաղաղութեան եւ երկխօսութեան: «Ո՛վ Թայմուր, ճակատդ բարձր յառաջացի՛ր, տէր կանգնելով մեծ հօրդ` Մեծն Քամալ Ժոմպլաթի աւանդին, վրադ կրելով Լիբանանի յառաջդիմական  քուֆիէն, հաշտութեան եւ երկխօսութեան քուֆիէն, համեստութեան եւ առատաձեռնութեան քուֆիէն` Մուխթարայի պալատին քուֆիէն», եզրափակեց Ժոմպլաթ իր խօսքը` Ժոմպլաթ ընտանիքին յատուկ քուֆիէն հագցնելով Թայմուրին:

 

Նախորդը

Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Անցեալ Տարուան Պետական Ամավարկին

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Աշխատավարձի Յաւելումները Կարելի Է Ֆինանսաւորել Առանց Մէկ Լիբանանեան Ոսկիի Տուրք Պարտադրելու Համեստ Դասակարգին Վրայ»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?