Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խալիլ. «Խորհրդարանին Մէջ Պատահածը Դաւադրութիւն Մըն Է` Օրինաթիւը Խախտելու Եւ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը Հարուածելու»

March 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացին իրաւունք ունի բողոքելու, կասկածելու եւ մտահոգուելու, որովհետեւ պետութեան հետ ժողովուրդին փորձառութիւնը բնաւ քաջալերական չէ եղած:

Խալիլ նշեց, որ խորհրդարանին մէջ պատահածը դաւադրութիւն մըն է, օրինաթիւը խախտելու, աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը հարուածելու ինչպէս նաեւ` քաղաքական հաշիւներ մաքրելու փորձ մը:

Այսօրուան հիմնահարցը ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գոյացումն է: Ան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումը առաջնահերթութիւն մըն է, զոր ոչ ոք կրնայ շրջանցել:

«Եթէ կարելի չըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնել, ապա երկիրը պիտի ունենայ աղիտալի վիճակ մը: Հարկ է յանգիլ ընտրական օրէնքի մը, որ մեզ դուրս բերէ նաեւ անարդար ներկայացուցչութենէն` ապահովելով բոլոր քաղաքացիներուն իսկական ներկայացուցիչներուն ընտրութիւնը», յայտնեց ան:

Խալիլ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները քաղաքացիներուն արդար իրաւունքն է եւ պէտք է վաւերացուի` աւելցնելով, որ այդ յաւելումներուն ֆինանսաւորումը պէտք է ապահովուի առանց համեստ դասակարգին յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու:

Խալիլ ընդգծեց, որ դրամատուները պէտք է յաւելեալ տուրքերու ենթարկուին` ֆինանսաւորելու համար աշխատավարձի յաւելումները` աւելցնելով, թէ դրամատուներ ելեւմուտքի նախարարութեան առաջարկած են միլիառ տոլարի նուիրատուութիւն մը` դրամատուներուն վրայ պարտադրուելիք տուրքի համեմատութիւնը չեղեալ նկատելու փոխարէն, սակայն նախարարութիւնը չէ ընդառաջած այդ առաջարկին:

Խալիլ Ամալ շարժումի եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին անունով կոչ ուղղեց` կազմելու ազատ դատական խորհուրդ մը, որ բացայայտէ փտածութիւնը` խորհրդարանին հետ գործակցաբար:

Խալիլ անհրաժեշտ նկատեց այն, որ երեսփոխանները իրենց անձեռնմխելիութիւնը դնեն այդ խորհուրդին տրամադրութեան տակ` խոստանալով ինք եւս նոյն քայլին դիմել:

Խալիլ պատրաստակամութիւն յայտնեց վերատեսութեան ենթարկելու որեւէ տուրք, որ համեստ դասակարգին պարտադրուած է:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրիի Զօրակցական Կեցուածքներ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ . «Առանց Ընտրական Նոր Օրէնքի Երեսփոխանական Ընտրութիւն Չկայ, Հետեւաբար Թեքնիք Յետաձգումը Անխուսափելի Է» Շեշտեց Մաշնուք

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.