Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուրքերու Յաւելումին Դէմ Ժողովրդային Բողոքի Բազմամարդ Եւ Խաղաղ Ցոյց` Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

March 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռիատ Սոլհ հրապարակը երէկ դարձեալ վերածուեցաւ լիբանանցիներուն բողոքի կեցուածքը արտայայտող վայրի մը, այս անգամ սակայն քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած յաւելեալ տուրքերուն դէմ:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 տեւած ցոյցին դրդապատճառներն էին անցեալ շաբթուան ընթացքին խորհրդարանի լիագումար նիստերուն կողմէ որդեգրուած յաւելեալ տուրքերը, սուտ տուրքերու ցանկը, գետնի վրայ վաճառատուներուն կողմէ գիներու բարձրացումներուն որդեգրումը` նախքան պետական պաշտօնաթերթով տուրքերու յաւելումին հրապարակումը, իսկ այս բոլորին զուգահեռ տարիներէ ի վեր սպասուած աշխատավարձի յաւելումներու չվաւերացուիլը` երեսփոխաններու օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Այս պատճառները եւ պետական մակարդակի վրայ տիրող մսխումներն ու փտածութիւնը բաւարար էին, որ ժողովուրդը դարձեալ ընդդիմանայ եւ ուղղուի Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայ էր իր բոլոր թեւերով:

Բողոքի այս ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Փաղանգաւոր, Ընկերվար յառաջդիմական եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւնները:

Հետաքրքրական էր այն, որ բոլոր ցուցարարները բարձրացուցած էին Լիբանանի դրօշը եւ կը հնչեցնէին միացեալ կարգախօսներ:

Բողոքի բազմամարդ ցոյցը կը տարբերէր նախորդ տարուան ցոյցերէն, այն իմաստով, որ անիկա խաղաղ ցոյց մըն էր: Հակառակ սակայն ցոյցին խաղաղ բնոյթին, իրենց դէմքերը ծածկած խուլիկաններ փորձեցին ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակիլ եւ բախումներու դուռ բանալ: Սակայն ատիկա արգիլելու նպատակով ցուցարար երիտասարդներ մարդկային պատնէշ մը կազմեցին խուլիկաններուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, եւ այդպիսով յաջողեցան պահպանել ցոյցին խաղաղ բնոյթը:

Ռիատ Սոլհ հրապարակ ներկայացաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ցուցարարներուն ուղղեց իր խօսքը:

Հարիրի կոչ ուղղեց ցուցարարներուն կազմելու պատուիրակութիւն մը եւ իրենց պահանջները արձանագրելու, որպէսզի դրական քննարկում կատարուի անոնց շուրջ:

Ան կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահին անունով խոստացաւ զօրակցիլ քաղաքացիներուն` շեշտելով, որ իրենք վերջ պիտի տան մսխումներուն եւ պիտի պայքարին փտածութեան դէմ:

Վարչապետին ներկայութիւնը ընդվզեցուց ցուցարարները, որոնք իրենց դրօշակներուն գաւազանները եւ իրենց կերպնկալէ ջուրի շիշերը նետեցին անոր կողմը եւ մօտեցան հարուածելու զայն:

Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները մերժեցին Հարիրիի առաջարկը` իրենց հետ հանդիպելու եւ խորհրդակցելու իմաստով, այլ անկէ պահանջեցին անմիջապէս ուղղուիլ խորհրդարան եւ ժողովուրդին համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուելիք տուրքերը սառեցնել:

Քաղաքացիական ընկերութիւնը յաջորդ ցոյցի թուական ճշդեց չորեքշաբթի, 22 մարտ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Ցոյցին աւարտին վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` ցուցարարներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած քաղաքակիրթ վարուելակերպին, ինչպէս նաեւ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով անոնց որդեգրած միջոցառումներուն համար:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երեկոյեան ժամը 7:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան ողջունեց ցուցարարները, որոնք ազատ ու անկախ կերպով արտայայտեցին իրենց կամքը եւ բողոքեցին ժողովուրդին վրայ պարտադրուած տուրքերուն դէմ:

«Լիբանանցի ժողովուրդը այսօր իր այս ցոյցով փաստեց, որ կարողութիւն ունի փոփոխութիւն կատարելու եւ արդար պետութեան ձգտելու», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, քաղաքացիական ընկերութեան եւ իշխանութեան ստանձնելու պատմական վայրկեանին պատասխանատուութիւնը` շեշտելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը շարունակէ բարեկարգումներ պահանջել:

Նախորդը

Պըրրի. «Խորքին Մէջ Պատահածը Ընտրական Օրէնքն Ու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չեղեալ Նկատելու Արշաւ Մըն Է»

Յաջորդը

Թուրքիա Դժգոհ Է Գերմանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Կառուցելու Որոշումէն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.