Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Խուրի եւ Շորթըր քննարկեցին լիբանանեան արտադրութիւնները դէպի Եւրոպա արտածելու կարելիութիւնները, ընդգծելով նախարարութեան եւ բրիտանական դեսպանատան միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը քննարկելու կարելիութիւնները:
Շորթըր նախարար Խուրիի հետ քննարկեց նաեւ ներածուած ոգելից ըմպելիներու պարտադրուած տուրքերուն մանրամասնութիւնները: