Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսա ուրբաթ օր կը հասնի Լիբանան, երկուշաբթի օր հանդիպում կ՛ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, եւ այս առաջին հանդիպումին մէջ Լիբանանի հետ բանակցութեան թղթածրարին վերաբերեալ իսրայէլեան որեւէ պատասխան պիտի չներկայացնէ:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ». «Պետական կեդրոններու օրակարգին վրայ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ այսօր կամ այս շաբաթ որեւէ հանդիպում չկայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այցելութիւնը յետաձգուած է, կամ առնուազն այս շաբաթ տեղի պիտի չունենայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Միջազգային ընտանիքին Լիբանանէն հրաժարելէն առաջ երկու ամսուան պայմանաժամի գոյութիւնը ճշգրիտ չէ: Ամերիկեան կողմը ժամկէտներ չի ճշդեր, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Լիթանի գետէն հիւսիսին մէջ Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը արտայայտեց բարեկարգչական օրէնքներու մակարդակին ու փտածութեան դէմ պայքարին նկատմամբ, սակայն ընդգծեց, որ այդ գնահատանքը պահանջուած լուրջ քայլերու գործադրումը չի փոխարիներ»:

. ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, «կը նախատեսուի, որ բանակի հրամանատար զօր. Հայքալի յաջորդ զեկուցումը Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջանին Հըզպալլայի զէնքէն դատարկուած ըլլալը յայտարարէ, ինչպէս նաեւ մնացեալ շրջաններու մէջ զինաթափման աւարտի պայմանաժամի երկարաձգում խնդրէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Բանակէն պահանջուածը իր ներկայ կարողութենէն աւելի մեծ է, եւ հակառակ ատոր եւ զինուորական հաստատութեան մէջ գոյութիւն ունեցող նիւթական մարտահրաւէրներուն, ան կրնայ իրմէ պահանջուածը իրագործել»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «շիի երկեակը կը վարուի այն հիմամբ, որ քաղաքական կարեւորագոյն ճակատամարտներէն մէկը կը մղէ, եւ պիտի չտատամսի բոլոր միջոցները, ներառեալ 27 շիի երեսփոխաններու կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելը օգտագործելու` զինք պաշարելու ծրագիրը խանգարելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Առնչակից ուժերու իրենց դիրքորոշումներուն յամառօրէն կառչելուն եւ այս ճակատամարտը մինչեւ վերջ մղելու պատրաստակամութեան պատճառով, արտերկրի լիբանանցիներու թղթածրարին մէջ հասանք տեղ մը, ուրկէ չենք կրնար դուրս գալ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ  «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը հիմնուի խորհրդարանի ներքին կանոնագրութեան թիւ 26 եւ 105 յօդուածներուն վրայ, որոնք անոր շտապ օրինագիծներ յատուկ յանձնախումբերու փոխանցելու կամ սառեցնելու լայն լիազօրութիւն կը շնորհեն»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ վարչապետ Սալամին փոխանցեց իր դժգոհութիւնը, որ ի վնաս արտաքին գործոց նախարարին, փոխվարչապետ Մըթրիին կը շնորհէ դիւանագիտական դերեր, որոնց շարքին են Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները եւ երկու պետութիւններու լուծումի խորհրդաժողովէն բխած յանձնախումբին մէջ Լիբանանը ներկայացնելը»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Անգարա այն մտավախութիւնը ունի, որ Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Ֆուատ Մախզումիի նման անձնաւորութիւններ այլ կողմերու կողքին ստանձնեն ղեկավարութիւնը դաշինքներու, որոնք կը նպաստեն Լիբանանի մէջ «իսրայէլացման» ծրագիրի ամրագրման»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Կեդրոնական դրամատունը լումայափոխներու սենտիքայէն պահանջեց հազար տոլար կամ աւելի եղող գումար մանրել ուզող իւրաքանչիւր գործակատարի համար յատուկ թուղթ լեցնել` դրամներու աղբիւրներն ու ուղղութիւնը ստուգելու համար»:

. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` Լիբանանի մէջ պատրաստ գումարի տնտեսութիւնը Հըզպալլայի անուղղակի նեցուկի վերածուած է, եւ Թեհրանէն անոր փոխանցուած գումարները տարուան սկիզբէն ի վեր միլիառ տոլարը անցած են»:

. ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հրդեհներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ բոլորը դիտաւորեալ են: Կրակները իրենք իրենց կամ միշտ բնութենէն չեն յառաջանար: Գոյութիւն ունի մէկը, որ զանոնք կը բռնկեցնէ, եւ ան կենսոլորտին թշնամին է»:

 

 

Նախորդը

Ուասլ. Ռիատի Յաղթեց Սաժեսին` 87-80 Արդիւնքով

Յաջորդը

Մամտանի Ծագումով Լիբանանցի Ֆլէյհանը Նշանակեց Նիւ Եորքի Փոխքաղաքապետ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մաքրոնի Խորհրդականը
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաքրոնի Խորհրդականը

Նոյեմբեր 14, 2025
Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին`  «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային  Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին` «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու  Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու  Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային  Առաջնահերթութիւն Են»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային Առաջնահերթութիւն Են»

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?