Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Սպասումը մեծ է, որովհետեւ բոլորը կը սպասեն պատուիրակներու բերելիք ուղերձներուն, եւ իր մէջ հաւատքի ուղերձ պարունակող պապի այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին»:

. ԾՈՑԻ շրջանէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պէյրութ հասաւ սէուտական խորհուրդ մը, թէ պէտք է արագօրէն ընթանալ դէպի զէնքի մենաշնորհում եւ ուղղակի բանակցութիւններ` հեռու մնալով ձգձգումէն եւ նշաձողի բարձրացումէն, որովհետեւ այլընտրանքին գինը սուղ պիտի ըլլայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Հիւսիսային ճակատը իսրայէլեան զինուորական, քաղաքական եւ տեղեկատուական մագլցումի նոր փուլ մուտք գործեց: Պլիտա ցամաքային ներթափանցումէն ետք օդային յարձակումներու կշռոյթը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ ահաբեկումներու մարտավարութիւնը վերստին գերակայ դարձաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլ հոկտեմբերին «Մեքանիզմ»-ի ժողովներու ընթացքին պահանջեց, որ լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ բնակարաններու եւ կալուածներու խուզարկում ներառէ»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «կառավարութեան կողմէ վաւերացուած բանակի ծրագիրը բանակին սեփական կալուածներ մուտքը արտօնող ոչինչ կ՛ընդգրկէ, բան մը, որ առանց արդարադատութեան ցուցմունքի չի կրնար տեղի ունենալ»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Այն, ինչ որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ կը կատարէ, մաս կը կազմէ ծրագիրին իր բարձրացուցած պատը ընդլայնելու, որպէսզի կանգ չառնէ Կապոյտ գիծին մօտ, այլ երկարի բռնագրաւուած տարածքի խորքը` իբրեւ մէկ մասը այն տարածքին, որ անոնք կը կոչեն «անվտանգութեան առջեւի գօտի»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Պըրրի տակաւին կանգնած կը մնայ իր դիրքորոշումին վրայ, թէ ընտրական օրէնքի խնդիրը քաղաքականութեամբ եւ համաձայնութեամբ կը լուծուի, եւ քանի տակաւին համախոհութիւնը չէ հասունցած` խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու քննարկումներն են, որոնք պէտք է հասարակաց ենթահողը նախապատրաստեն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Արտաքին կողմեր ճնշում կը բանեցնեն Պէյրութը մղելու սուրիացի բանտարկեալներու շուրջ արագ համաձայնութիւն գոյացնելու: Բան մը, որ ի յայտ եկաւ ամերիկացի ծերակուտական Ճօ Ուիլսընի գրառումին մէջ, որ եկաւ թղթածրարին նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութիւնը արտացոլացնելու»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Լիբանանի մէջ սուրիացի բանտարկեալներուն թիւը 2637 է, եւ անոնց շուրջ 80 առ հարիւրը Ռումիէի բանտին կեդրոնական «Պէ» շէնքին մէջ է:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Անցնող ամիսներուն Ուաշինկթընի իր կշռոյթը պարտադրել յաջողելէն ետք, Փարիզ կը զգայ, թէ ժամանակն է վերստանձնելու լիբանանեան բեմի վերահսկողութիւնը»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ուրբաթ օր Պէյրութ հասնող Միացեալ Նահանգներու ծագումով լիբանանցի եւ Թրամփի մօտիկ եղող դեսպան Միշել Իսան իր կեանքին կէսը անցուցած է Լիբանանի մէջ եւ ձեռքին մէջ աւելի ազդու կերպով ունի կենսական թղթածրարներու բանալիները»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «կը նախատեսուի, որ պապի Աննայա այցելութեան մասնակցի մեծ բազմութիւն մը, սակայն ուշագրաւ է, որ շրջանին մէջ պանդոկներու եւ հիւրընկալման տուներու ամրագրումը տակաւին քիչ է, եւ ատոր պատճառը այցելութեան կարճատեւութիւնն է»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ապպուտիէ սահմանային անցակէտին մէջ աշխատանքները հասան իրենց վերջին փուլերուն, եւ ըստ կապալառու «Արզ» ընկերութեան վարչութեան, անցակէտը կրնայ գործելու սկսիլ ամէնէն ուշը յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Այս շաբաթ տեղի ունեցաւ Ասատի վարչակարգէն եղող սուրիացի ելեւմտական մեծ անձնաւորութիւն մը երկրէն փախցնելու գործողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կանխելով այդ անձնաւորութեան դէմ որդեգրուելիք քայլը»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային մթնոլորտը այն տպաւորութիւնը չի ձգեր, թէ ընտրութիւնները ներկայիս կատարելը ի շահ ոեւէ մէկու է, եւ կարգ մը արտաքին կողմեր իրենց գրաւը դրած են քուէատուփերուն ճամբով Հըզպալլան քաղաքականօրէն տկարացնելուն վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Շէյխ Քասեմի յայտարարութիւնը զինք ձգեց իսրայէլեան թակարդը: Ան կարծէք կ՛արդարացնէր իր յարձակումները շարունակելու համար Թել Աւիւի որդեգրած պատրուակները»:

Նախորդը

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան. Հայաստան Կ՛ուզէ Մոսկուայէն Անջատուիլ Եւ Ուքրանիայէն Աւելի Սուղ Հացահատիկ Գնելով Քիեւին Օգնել

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան. «Այս Երկրի Հիմնարար Ազգային Հաւասարակշռութիւնը Կը Պահանջէ, Որ «Բոլորը Յաղթեն Կամ Բոլորը Պարտուին»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանին Սպառնացող Իսրայէլեան Վտանգները Բոլոր Լիբանանցիներուն Կը Սպառնան»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման  Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»
Լիբանանեան

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?