Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի յայտնեց. «Նախարարութեան մէջ քաղաքապետութիւններուն հետ պէտք եղած ձեւով, թափանցիկութեամբ եւ արդարութեամբ գործեցինք»: Ան այս մասին յայտարարեց «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութեան կը զօրակցիմ, որովհետեւ ի շահ երկրին է, իսկ ինչ կը վերաբերի անոր ուղղակի կամ անուղղակի ձեւին, ապա այդ մասին որոշումը պատասխանատուները կը ճշդեն», նշեց Ռասամնի:


