Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան. «Մեր Նպատակը Ազգային Մարմնակրթութիւն Մըն Է, Որ Կը Նպաստէ Տնտեսութեան Եւ Կը Վերականգնէ Լիբանանի Իսկական Պատկերը»

November 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ աննախադէպ քայլով մը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, գործակցութեամբ Քաթարի զարգացման ֆոնտի բարգաւաճման ու խաղաղութեան համար մարմնակրթութեան ծրագիրին, այսօր Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Լիբանանի մէջ ազգային մարմնակրթութեան ռազմավարութեան ուղղութեամբ» խորագիրով ազգային խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցին Բրիտանիայէն, Սպանիայէն ու Սերպիայէն նախկին նախարարներ եւ Հարվըրտ ու Սորպոն համալսարաններէն փորձագէտներ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան «Նահար» օրաթերթին յայտնեց. «Մարմնակրթական խորհրդաժողովը մաս կը կազմէ ազգային մարմնակրթութեան ռազմավարութեան»:

«Կ՛ուզենք մարմնակրթութեան մասին իբրեւ կենցաղային ու ազգային ռազմավարութիւն խօսիլ, սակայն ամէն բանէ առաջ խօսիլ մարմնակրթութեան ընկերային, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ ազգային տնտեսութեան նպաստին մասին», ըսաւ ան:

«Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պիւտճէ չունի, որովհետեւ այս նախարարութիւնը նախապէս պահանջուած կերպով չէ գործած: Կառավարութեան մէջ ամավարկի քննութեան ընթացքին ջանացի պիւտճէ ստանալ, սակայն չկրցայ ուզածս իրագործել: Մեր կատարած աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն մեծամասնութիւնը ՄԱԿ-ի հետ եւ արտաքին աջակցութեամբ է», աւելցուց Պայրագտարեան:

Անդրադառնալով խորհրդաժողովի նպատակներուն` նախարարը նշեց, որ ատիկա «մարմնակրթութեան յստակ հայեցակարգ ներկայացնելու համար ռազմավարութիւն մշակելու համար է, եւ կ՛ուզենք արտաքին փորձառութիւնները լսել»:

Պայրագտարեան յայտնեց, որ կը պնդէ Լիբանանի մէջ մարմնակրթութիւնը այլուր տեղափոխել: «Մենք կը ձգտինք արտակարգ բաներ իրագործել Լիբանանը բոլոր նախարարութիւններուն եւ ոչ միայն երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ այլ դիրքի փոխադրելու համար: Նպատակս կառավարութեան նստաշրջանի աւարտէն առաջ նախարարութեան մէջ տեսակարար ոստում իրագործելն է», ըսաւ ան:

«Խորհրդաժողովի երրորդ նիստին կը սպասենք ֆետերասիոններուն տեսակէտներուն, եւ կը մաղթեմ, որ բոլորին մօտ կամքը ըլլայ անցեալի էջը փակելով քաղաքականութիւնը մարմնակրթութենէն հեռացնելու եւ բանալու նոր էջ մը, որ Լիբանանի իսկական պատկերը ցոյց կու տայ: Նպատակս կառավարութեան նստաշրջանի աւարտէն առաջ առաւելագոյն թիւով ծրագիրներ իրագործելն ու  մարմնակրթութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելն է», եզրափակեց Պայրագտարեան:

Նախորդը

Միւֆթի Տրիան. «Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Կազայի Բնակիչներուն Կամքը Կոտրել»

Յաջորդը

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.