Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Պոլսոյ մէջ Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններու «Կազայի համար» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան ընթացքին նշեց. «Կազայի մէջ մեր ժողովուրդին վրայ սիոնական յարձակումի առաջին պահէն ոչ իսկ պահ մը տատամսեցանք մեր կեցուածքներուն ու յայտարարութիւններուն մէջ անոր թիկունք կանգնելէ, այլ Կազայի սիրտ հասանք մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու համար»:
«Տար Ֆաթուայի մէջ մենք ոչ թէ տարիներէ, այլ տասնամեակներէ ի վեր երբեք չենք հրաժարած պաղեստինեան դատէն: Լիբանանի մէջ պաղեստինեան դատի աջակցութեան յառաջամարտիկներէն էինք` զայն զաւթիչ սիոնական թշնամիէն ազատագրելու համար», ըսաւ ան:
«Նոյնիսկ ամէնէն բուռն մարտերուն ընթացքին մեր մարդասիրական օժանդակութիւններով Կազայի սիրտ հասանք, եւ Տար Ֆաթուայի բարեգործութեան ֆոնտը այսօր տակաւին կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ մեր կարողութեան ու ուժին համաձայն աջակցութիւն տրամադրել Կազային եւ անոր բնակչութեան», յայտնեց Հանրապետութեան միւֆթին:
«Այո՛, մենք Լիբանանի մէջ թիկունք կը կանգնինք: Կարեւոր օգնութիւն կը տրամադրենք Պաղեստինի տոկացող ժողովուրդին, որուն իր հողն ու իր արժանապատուութիւնը պաշտպանելով կը պարծենանք», ըսաւ ան:
«Իսրայէլ պիտի չկարենայ Կազայի բնակչութեան կամքը կոտրել: Այսօր կ՛ըսեմ, թէ շնորհիւ Կազային ցուցաբերած ձեր բոլորի օգնութեան, Կազայի բնակչութեան կամքը դարձեալ պիտի չկոտրուի», յայտարարեց միւֆթի Տրիան:


