Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտերկրի լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` շտապելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուելու:

Նախարարութիւնը նշեց, որ արձանագրուածներուն թիւը հասած է 55548-ի: Արձանագրուողներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Ֆրանսայի մէջ, որուն կը յաջորդեն Գերմանիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Փղոսկրեայ Ափունքը եւ Սէուտական Արաբիան:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Փարիզ կը զգայ իսրայէլեան սպառնալիքներու մագլցումին կողքին հիմնական թղթածրարներու շուրջ ներքին պառակտումի աճին լոյսին տակ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն տարողութիւնը, ինչ որ անհրաժեշտ դարձուց ուղղակի կապերու գործարկումը»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Ֆրանսացի պատուիրակը Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիէն «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ ֆրանսական դերակատարութեան բացակայութեան եւ Իսրայէլին զինադադարը յարգել պարտադրելու անկարողութեան նկատմամբ դժգոհութիւն լսեց»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Պատուիրակները Լիբանանին փոխանցեցին, որ պէտք է պատրաստուի բազմաթիւ զիջումներ կատարելու, եթէ բանակցութիւններու նիստերը սկսին, որովհետեւ հարցումը հետեւեալն է` ինչո՞ւ կը կարծէք, թէ Լիբանանը Սուրիոյ նկատմամբ վարմունքէն այլ վարմունքի պիտի արժանանայ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Սուրիոյ նախագահ Շարհը այսօր կը թուի պարզապէս ցուցանակը ըլլալ աւելի լայն նախագիծի մը, որուն միջոցով Ամերիկան կը վերաձեւաւորէ շրջանի քարտէսը` զայն համապատասխանեցնելով իր սեփական շահերուն, եւ ոչ թէ` պատերազմներու եւ քաոսի համար գինը վճարած ժողովուրդներու շահերուն»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի շատախօսութիւնը այլեւս գարշանք կը պատճառէ, որովհետեւ ան շրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները անընդունելի կերպով «վերէն կը դիտէ», եւ եթէ անոր խօսքը պարզապէս ճնշումները աւելցնելու փորձ է, ապա հակառակ արդիւնքը կու տայ, որովհետեւ Հըզպալլային իր ուժի տարրերուն կառչելու արդարացում կը շնորհէ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի յայտարարութիւնները դժգոհութիւն պատճառեցին վարչապետին, որ իր այցելուներուն ըսաւ, թէ անոնք անընդունելի են, իր հաւաստիութեան ու լրջութեան «թիկունքէն դաշոյնի հարուած» են, եւ անընդունելի է, որ հնչեն կառավարութեան մէջ ներկայացուցիչներ ունեցող ուժի մը կողմէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու այսօր Պէյրութ ժամանող նոր դեսպան Միշել Իսան իր հաւատարմագիրները երկուշաբթի օր պիտի յանձնէ նախագահ Աունին, եւ կը սպասուի, որ շարժում յառաջանայ կարեւոր թղթածրարներու մէջ, որոնց գլխաւորները Իսրայէլի հետ բանակցութիւնն ու հարաւային Լիբանանի կացութիւնն են»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ֆորէյն Ըֆերզ» պարբերաթերթ. «Հըզպալլան մեծապէս տկարացաւ, իրանամէտ սուրիական վարչակարգը տապալեցաւ, եւ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու հակառակորդները այլեւս աւելի տկար են, քան ինչ որ էին տասնամեակներէ ի վեր»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 20000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.443.000 լ.ո.-ի եւ 1.483.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 35000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.428.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.068.000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Աղջկանց «Սփինիզ» Վազքի Մրցումը` 23 Նոյեմբերին

Յաջորդը

Ռասամնի. «Կը Զօրակցիմ Իսրայէլի Հետ Բանակցութեան, Որուն Ձեւը Պաշտօնատարները Կը Ճշդեն»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.