Սուրիացի գաղթականներու Լիբանան հոսքը իր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական հետեւանքներով վերջերս առանցքը կազմեց երկրի վարիչներուն արտաքին կողմերու հետ ունեցած խորհրդակցութեանց:
Արդարեւ, վերջերս կայացած Յորդանանի արաբական վեհաժողովին նախագահ Միշել Աունի խորհրդակցութենէն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Աւստրալիոյ շրջապտոյտի ելոյթներէն ետք, վարչապետ Հարիրի իր կարգին կը փորձէ այս հարցը արծարծել արտաքին պատկան կողմերուն հետ:
Այս ծիրին մէջ, պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, վարչապետ Հարիրի այսօր Ֆրանսայի մէջ խորհրդակցութիւն պիտի ունենայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Վերջինս յատուկ յուշանուէրով պիտի պարգեւատրէ Հարիրին:
Ապա վարչապետ Հարիրի պիտի ուղղուի Պերլին, ուր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ պիտի քննարկէ շրջանի ու Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը` ապահովական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Աւելի ուշ, վարչապետ Սաատ Հարիրի Պրիւքսելի մէջ պիտի ներկայացնէ Լիբանանի կեցուածքը` շրջանային հարցերուն եւ յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն գծով:
«Սուրիոյ եւ շրջանին յատուկ Պրիւքսէլի համագումար»-ին խօսք առնելով` վարչապետ Հարիրի պիտի պարզէ լիբանանեան կառավարութեան տեսակէտն ու որդեգրած ծրագիրը` երկրի կայունութեան ամրապնդման, բարգաւաճման եւ սուրիացի գաղթականներու հոսքին պատճառով ենթակառոյցի կրած ճնշումներուն եւ անոնց հետեւանքներու դիմակալման առնչութեամբ Լիբանանի կարիքները:



