Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը յայտարարեց, որ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթի երէկ միօրեայ այցելութեամբ հասած է Պէյրութ:
Նախարար Փինոթի այս առիթով տեսակցութիւններ պիտի ունենայ նախագահ Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը պիտի այցելէ նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ծիրին մէջ գործող իր երկրին ջոկատին:



