
«Այնթուրայի մէջ գերեզման մը կայ, ուր թուրքեր հայ որբ մանուկներ համախմբած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմին` զանոնք թրքացնելու եւ իրենց ազգային ինքնութենէն զրկելու համար: Ինչպիսի՜ ոճիր», գրած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: