Ապահովութեան կողքին հետզհետէ շեշտուող գաղթականներու հարցը առանցքային նիւթ կազմեց երկրի ղեկավար շրջանակներու քննարկումներուն` տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, նախագահ Միշել Աուն իր այցելուներուն, յատկապէս` Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկեց այս հարցը` յիշեցնելով գերպետութեանց դերակատարութիւնը այս հարցի լուծման գծով:
Նմանապէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Աւստրալիոյ մէջ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծեց այս հարցը` միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս կապակցութեամբ Լիբանանի կարելիութիւններուն եւ կարողականութեան վրայ:
Իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ յատուկ այս հարցով պիտի մասնակցի Պրիւքսէլի մէջ գումարուող Սուրիոյ եւ յարակից հարցերու յատկացուած համագումարին, իր կարգին պիտի արծարծէ սուրիացի գաղթականներու հարցը: Վարչապետ Հարիրի այս մասին անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր հանդիպման ընթացքին: Նշենք, որ նախագահ Հոլլանտ քոմանտորի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Հարիրին: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի անդորրութեան ամրապնդման ու բարգաւաճման ճիգերուն:
Հարիրի, որուն գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նախարար Ղաթթաս Խուրի, նախկին նախարար Պասեմ Սապաահ եւ իր գրասենեակի տնօրէն Նատէր Հարիրի, երէկ հասաւ Պերլին, ուր այսօր վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ դարձեալ պիտի արծարծէ սուրիացի գաղթականներու հարցը, լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր իրավիճակի քննարկման կողքին: Հարիրի պիտի շեշտէ գերպետութեանց կողմէ Լիբանանի օժանդակութեան կարիքը` դիմակալել կարենալու համար այս թղթածրարի յատկապէս նիւթական դժուարութիւնները:



