Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական ու կրթական պահանջներու շեշտաւորման մթնոլորտին, վարիչներու կեցուածքները շաբաթավերջին կեդրոնացան երկրի ապահովական ու սահմանադրական մարտահրաւէրներուն վրայ:
Արդարեւ, Լիբանան կը թեւակոխէ զբօսաշրջային խոստմնալից հանգրուան մը` յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու ժամանման նախապատրաստութեանց լոյսին տակ: Իսկ շրջանի երկիրները (Իրաք եւ Սուրիա) հարուածող ահաբեկչական արարքները առաւել եւս կը շեշտեն երկրի անդորրութեան ու ապահովութեան կայունացման անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը հեռու պահելու համար ապահովական եւ ահաբեկչական որեւէ սպառնալիքէ:
Թէեւ Լիբանան համեմատաբար շրջանի երկիրներուն կը թուի աւելի կայուն ու խաղաղ ըլլալ, այսուհանդերձ ապահովական մարտահրաւէրը կը շարունակէ առանցքը կազմել յատկապէս ապահովական պատկան մարմիններու խորհրդակցութիւններուն: Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել շաբաթավերջին, անցնող ուրբաթ օր Պաապտայի մէջ գումարուած ապահովական ընդլայնուած նիստը, ուր քննարկումները կեդրոնացան մէկէ աւելի ուղղութիւններով` շրջաններու ապահովութենէն մինչեւ սուրիացի գաղթականներու թէ ապաստանեալներու կեցութեան վայրերը, պաղեստինեան գաղթակայաններն ու Հարաւի ճակատը: Փաստօրէն, նախագահ Միշել Աունի գլխաւորութեամբ գումարուած ընդլայնուած այդ ժողովին ներկայ էին նաեւ ապահովական բարձրաստիճան նոր նշանակուած պատասխանատուները, եւ անոր ընթացքին վերջիններուն փոխանցուեցան անդորրութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման միտող անհրաժեշտ միջոցառումներու ցուցմունքները:
Աւելի՛ն, նշեալ ժողովին ընթացքին ուշագրաւ էր կողմերուն պատրաստակամութիւնը` համախոհութեան եւ ճիգերու համակարգումին առնչութեամբ: Նշեալ ժողովը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ յաչս ներքին թէ արտաքին հանրային կարծիքին: Մէկ կողմէ` «հանգստացնելով» արտաքին կողմերը, թէ Լիբանան յանձնառու է իր սահմաններէն ու յատկապէս օդակայանէն հեռու պահել ապահովական սպառնալիքները, ժողովականները նաեւ որոշ գոհունակութիւն ներշնչեցին ներքին ճակատի վրայ` հանգստացնելով լիբանանցիները, թէ երկրին վարիչները ձեռնածալ պիտի չմնան ապահովական որեւէ սպառնալիքի կանխարգիլման գծով: Այս մթնոլորտը առաւել եւս շեշտուեցաւ կողմերուն ցուցաբերած գործակցութեան պատրաստակամութեան լոյսին տակ: Այս գծով ուշագրաւ էր երէկ` կիրակի, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերի յայտարարութիւնը Պաալպեքէն, ուր ան «ձեռք կ՛երկարէր» պետութեան, խափանելու համար շրջանի թէ երկրի ապահովութիւնը վտանգող որեւէ փորձ:
Նոյն ուժերու ծիրին մէջ, ուշագրաւ էին նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու եւ լիբանանեան բանակի մասնակցութեամբ հնգօրեայ ռազմափորձերը, որոնք վերջ գտան շաբաթավերջին: ՖԻՆԻՒԼ-ի սպանական, հնդկական, ինտոնեզիական եւ նեփալեան ջոկատներուն մասնակցութեամբ Հարաւի արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած այս ռազմափորձերը կեդրոնացան առաւելաբար ահաբեկչական սպառնալիքներու յաղթահարման միջոցներուն վրայ:
Նաեւ` Սահմանադրական Մարտահրաւէրին Գծով
Շաբաթավերջի խորհրդակցութիւններուն մէջ ապահովականին կողքին նոյնքան հրատապ հարց էր սահմանադրական ժամկէտի մարտահրաւէրը, ուր առանցքային կարեւորութիւն կը ստանայ խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման հրամայականը: Փաստօրէն, յառաջիկայ 15 ապրիլ 2017-ին աւարտող ընտրական նոր օրէնքի մշակման ժամկէտը կողմերը կը դնէ ընտրութիւններու յետաձգման կատարուած իրողութեան առջեւ, թէկուզ թեքնիք երկարաձգումի պիտակին տակ:
Այս ծիրին մէջ, հայեացքները ուղղուած են հինգշաբթի, 6 ապրիլի խորհրդարանի նիստին: Աւելի քան երկամեայ` սահմանադրական, յատկապէս նախագահական դատարկութենէ ետք, հինգշաբթիի այս նիստը (որ պիտի շարունակուի նաեւ ուրբաթ, 7 ապրիլին) իր վրայ կը կեդրոնացնէ յատկապէս երեսփոխաններու ուշադրութիւնը, որոնք պատեհ առիթը պիտի ունենան հրապարակաւ գնահատելու կամ արժեւորելու կառավարութեան գործունէութիւնը: Ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, հինգշաբթի օրուան այս նիստը կը նկատուի «երեսփոխաններու պաշտօնավարութեան երկարաձգման նախապատրաստական նիստ»:
Փաստօրէն, մէկէ աւելի կողմերու կարծիքով, խորհրդարանական ընտրութիւններու յետաձգումը «անխուսափելի» է, բացի եթէ առնչակից կողմերը «հրաշքով» համախոհութեան գան եւ մշակեն ու որդեգրեն ընտրական նոր օրէնք մը, նախքան 15 ապրիլի ժամկէտին աւարտը: Հոսկէ` քաղաքական ղեկավարներու նախանձախնդրութիւնը` այս հարցի վճռումին գծով:
Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը «ամօթալի» որակեց ընտրական օրէնքի մշակման ձգձգումը` մաղթելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտին յետաձգումը չյանգի պաշտօնավարութեան երկարաձգման:
Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց որ ճիգերը կը կեդրոնանան համախոհական վճռայանգումի վրայ, այլապէս` ընտրութիւններու ժամկէտի երկարաձգումը կամ դատարկութիւնը պիտի առաջնորդեն իսկական տարակարծութեան: «Ո՛չ մեզի, ո՛չ ալ Հըզպալլայի համար այլ ելք կայ, բացի ընտրական նոր օրէնքի շուրջ համախոհութեան կայացումէն», շեշտեց երեսփոխան Աուն: Ան հաւանական նկատեց, որ հինգշաբթի օրուան նիստին մշակուի ընտրական նոր օրէնքը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մլհեմ Ռիաշի Սայտա կատարած իր այցելութեան առիթով «անխուսափելի» նկատեց երեսփոխանական ընտրութիւններու թեքնիք երկարաձգումը: «Չենք ուզեր, որ քրիստոնեաներու ներկայացուցչութիւնը իրականանայ ի հեճուկս այլոց իրաւունքներուն», շեշտեց Ռիաշի:
Հանրապետութան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց ընտրական արդիական օրէնքի մը մշակման, որ կը դրսեւորէ լիբանանցիներու բաղձանքները: Ան նաեւ մաղթեց վճռել պետական պիւտճէն` առանց վնասելու քաղաքացիներու շահերուն:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Աւստրալիոյ մէջ իր շրջապտոյտի ընթացքին մամլոյ ասուլիս մը տալով «Աւագ շաբաթը պիտի ըլլայ ընտրական օրէնքի շաբաթ», յայտարարեց շեշտելով, որ կարելի չէ «մեռցնել» կամ անտեսել ընտրական օրէնքին վերաբերող առաջարկները:
Պասիլ աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը ցարդ ներկայացուցած է ընտրական օրէնքի հինգ առաջարկներ, որոնցմէ վերջինը քննարկման ընթացքի մէջ է, «եւ մենք այս առնչութեամբ կը սպասենք Հըզպալլայի պատասխանին»:



