Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Բարի Գալուստի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Ռայի Պատրիարքէն

March 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ վերադարձաւ Լիբանան:

Վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահ Աուն անդրադարձաւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի վեհաժողովի պաշտօնական խմբանկարը առնելու ընթացքին իր իյնալուն` զայն նկատելով աննշան դէպք մը, որ ֆիզիքական թէ բարոյական ոչ մէկ հետք ձգեց:

Այս առիթով սակայն, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն զօրակցող քաղաքացիներուն` նշելով, որ իրենց անունով Ամմանի մէջ արտասանուած խօսքը մեծ ընդունելութիւն գտած է եւ դրուատիքի արժանացած:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք Լիբանանի եւ արաբներու դատին համար պիտի շարունակէ պայքարիլ` մաղթելով, որ արաբական աշխարհը վերագտնէ իր միասնականութիւնը:

Երէկ երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, որ բարի վերադարձ մաղթեց նախագահ Աունին` բարձր գնահատելով Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին անոր արտասանած ճառը:

Ռայի պատրիարքը նախագահ Աունի խօսքը նկատեց յանդուգն, անկեղծ եւ սիրալիր:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը քննարկեցին նաեւ նախագահ Աունի կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

Նախքան իր վերադարձը, նախագահ Աուն այցելեց Յորդանան գետի` Յիսուսի մկրտութեան վայրը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին Կութիերես դրուատեց Լիբանանի հիւրընկալումն ու ցուցաբերած հոգատարութիւնը` սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ Իշխանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտարարութիւն Կը Պատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթի Գնահատականին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.