Երէկ տեղատարափ անձրեւներ ողողեցին Սայտայի փողոցները` առկախելով քաղաքի գործունէութեան բնականոն ընթացքը եւ յետաձգելով կարգ մը ձեռնարկներ:
Արդարեւ, աղբերու կուտակումներով փակուած կոյուղիներու մուտքերը անկարող եղան «ընկալելու» կամ սանձելու գարնանային տեղատարափ անձրեւները, որոնք ողողեցին շրջանի փողոցները` քաղաքացիները «արգելափակելով» իրենց տուներուն մէջ:
Առ այդ, բնակիչները պատկան կողմերուն դիմեցին` պահանջելով հարթել ու հատուցել յառաջացած վնասներու հետեւանքները:
«Ճիշդ է, որ անձրեւները արտակարգ քանակութեամբ սաստիկ էին, սակայն մենք ձեզ զգուշացուցինք չորս ամիս առաջ` գործադրելու նախընտրական ձեր խոստումները եւ մաքրելու կոյուղիներուն մուտքերը», հաստատեց «մարդոց ձայնը» դաշինքը հաղորդագրութեամբ մը` քաղաքապետութենէն եւ պատկան կողմերէն պահանջելով դարմանել կացութիւնը եւ հատուցում կատարել նիւթապէս վնասուած քաղաքացիներուն:



