Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժատիտ» Կայանին Եւ «Ամալ» Շարժումին Միջեւ Սուր Բանավէճ Բռնկեցնելով` «Ժատիտ» Կայանի Մէկ Փոխադրակառքը Հրկիզուեցաւ

May 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատկանող փոխադրակառք մը չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հրկիզուեցաւ անծանօթներու կողմէ:

Դէպքը, որ պատճառեց նիւթական մեծ կորուստներ, դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուց լրատուական, պաշտօնական եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց Ուաթա Մսայթպէի շրջանին մէջ գտնուող դէպքին վայրը եւ դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ յանցագործները պիտի հետապնդուին:

Նմանապէս, դէպքը դատապարտեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ շեշտեց ամէն քայլ ի գործ դնելու կարեւորութիւնը` կանխարգիլելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Դատական պատկան մարմինները եւս քննութիւն բացին դէպքին շուրջ: Անոր մօտակայ վայրերու նկարահանման գործիքներուն նկարահանումները դիտելով պարզուեցաւ, թէ երկու երիտասարդներ հինգշաբթի, 11 մայիսի կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00-ին հրկիզած են փոխադրակառքը:

Նշենք, որ «Ժատիտ» կայանը երէկ երեկոյեան իր լուրերու պատկերասփռումը կատարեց ուղղակիօրէն թիրախին` ուղղակի հեռարձակման յատուկ հրկիզուած փոխադրակառքին առջեւէն:

Փոխադարձ Այպանումներ

Դէպքը, որ ըստ տեղեկատուական աղբիւրներու` օրուան ծնունդը չէ, դուռ բացաւ կայանի տնօրէն խորհուրդի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթի եւ խորհրդարանի տեղեկատուական գրասենեակին միջեւ փոխադարձ մեղադրանքներու:

«Ժատիտ» 2012-ին իր քաղաքական յայտագիրներէն մէկուն ընթացքին հիւրընկալած էր Սայտայի Ապրայի դէպքերու հարցով դատապարտուած Ահմետ Ասիրը, որ բուռն «յարձակում» գործած էր` քննադատելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:

Այնուհետեւ մէկէ աւելի առիթներով դրսեւորուեցաւ նշեալ կայանին եւ «Ամալ» շարժումի նախագահի հետեւորդներուն միջեւ տիրող լուռ տագնապը:

Երէկուան դէպքին պատճառով երկու կողմերն ալ փոխադարձաբար իրարու դէմ դատական հայց ներկայացուցին` դատական պատկան մարմինին մօտ:

Նախորդը

Ընդունելով Թֆէյլի Բնակիչներէն Պատուիրակութիւն Մը` Նախարար Մաշնուք Նախագահեց Ապահովական Արտակարգ Նիստի

Յաջորդը

Երկխօսութիւնը Շարունակելու Կոչ Ուղղելով` Սէյիտ Նասրալլա Յայտարարեց Արեւելեան Լեռնաշղթային Վրայ Հըզպալլայի Առաքելութեան Իրագործումը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.