Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Տարակարծութեան Եւ Լարուածութեան Մթնոլորտին Մէջ. Նախագահ Աուն Կը Խոստանայ Բարեկարգումներ Իրագործել Բոլոր Մարզերուն Մէջ

May 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հանդարտեցուց լիբանանցիները` հաւաստելով, թէ մտավախութեան պէտք չկայ, քանի ապահովական վտանգները մեծ մասամբ մեղմացած են, «որովհետեւ բանակն ու ապահովական յարակից ուժերը կանխարգիլող միջոցառումներով  ճիգ չեն խնայեր կայունութեան ամրապնդման եւ ապահովութեան վերահաստատման առնչութեամբ»: Նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի գլխաւորութեամբ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդէն պատուիրակութեան եւ այլ այցելուներու առջեւ իր կատարած յայտարարութեամբ նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ վճռած է պայքարիլ տիրող փտածութեան դէմ եւ վերջ տալ ապօրինի ու կասկածելի պայմանագրութեանց, որոնք կը մսխեն երկրին նիւթական կարելիութիւնները: Նախագահ Աուն խոստացաւ կարգաւորել երկրին ընդհանուր ելեւմտական իրավիճակը: Նախագահը իր կեցուածքները հիմնաւորեց փաստարկեալ տուեալներով եւ օրինակներով`  խոստանալով համատարած բարեկարգում իրագործել  բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախագահ Աուն քաղաքացիներուն թելադրեց իրենց մտայնութիւններէն վանել յոռետես ու յուսալքուած տրամադրութիւնները, «որովհետեւ պիտի յանգինք եւ իրագործենք այն, ինչ որ կը փափաքիք դուք»: Նախագահ Աուն թելադրեց ուշադրութիւն չընծայել անհիմն յերիւրանքներու, եւ «եթէ ոեւէ մէկը փտածութեան գծով ըսելիք ունի, թող հիմնաւորեալ փաստարկումներով ներկայացնէ զանոնք պատկան իշխանութեանց, այլապէս` թող դադրի հանրային կարծիքը պղտորելէ եւ շփոթի ենթարկելէ»:

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ փորձեց հանդարտեցնել «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի մէկ փոխադրակառքին հրկիզման պատճառով ստեղծուած առանց այդ ալ ելեկտրականացած մթնոլորտը:

Բուռն կերպով դատապարտելով դէպքը` նախագահ Աուն հաղորդակցութեան մէջ մտաւ կայանի պատասխանատուներուն հետ` հարց տալով, թէ «դուք ամէն անգամ որ խորհրդարանի նախագահը քննադատէք այսպիսի հակազդեցութեա՞ն պիտի մատնուիք»,  եւ թելադրեց դատական պատկան ատեանին մօտ հարթել այս տարակարծութիւնը:

Նախորդը

Երկխօսութիւնը Շարունակելու Կոչ Ուղղելով` Սէյիտ Նասրալլա Յայտարարեց Արեւելեան Լեռնաշղթային Վրայ Հըզպալլայի Առաքելութեան Իրագործումը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս 3-2 Արդիւնքով Գերազանցեց Ուիզըրտծը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.