15 մայիսի ժամկէտին մերձեցման առընթեր, հետզհետէ իրարու կը մերձենան նաեւ ընտրական թղթածրարին վերաբերող տարբեր վարկածները` փորձելով հասարակաց համախոհական տարազի մը յանգիլ, միաժամանակ կարմիր գիծ նկատելով իւրաքանչիւր համայնքին «իրաւասութիւնները» շրջանցելու կամ անտեսելու որեւէ փորձ:
Աւելի՛ն, համայնքային նկատառումներէ անդին, առնչակից կողմեր աւելի ընդարձակելով իրենց պատկերացուցած հեռանկարի կարկինը` կը փորձեն լիբանանեան հայրենիքի կողքին նաեւ իրե՛նց նախընտրած նախագահական յառաջիկայ թեկնածուի ընտրութիւնը ապահովող խորհրդարանական կառոյցի իրենց «բաժինը» ապահովել:
Հոսկէ երկրի ղեկավարներուն նախազգուշացումը` ընտրական թղթածրարը իր պարունակէն անդին չծաւալելու առնչութեամբ:
Այս ծիրին մէջ կու գայ նախագահ Միշել Աունի երէկուան այն վկայակոչումը, թէ ցարդ առաջադրուած ընտրական բոլոր տարբերակները ձախողեցան, որովհետեւ անոնք կը մեկնէին համայնքային շահերու գերակայութեան նկատառումներէ:
Պաապտայի պալատին մէջ իր այցելուներուն ներկայութեան կատարած իր յայտարարութեամբ նախագահ Աուն դիտել տուաւ, թէ առաջադրուող ընտրական օրէնքին նպատակը պէտք է ըլլայ բոլորին տալ իրենց իրաւունքները եւ ոչ թէ շահ ապահովել ի հեճուկս ուրիշին: «Մեր այս քայլը համայնքային չէ, այլ անոր նպատակն է արդարութեան եւ հաւասարութեան իրագործումը», հաստատեց նախագահ Աուն` իբրեւ օրինակ նշելով «որակաւորում»-ի տարբերակը, որ կ՛երաշխաւորէ իւրաքանչիւր համայնքի ատակ թեկնածուներուն ընտրութիւնը: «Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու որեւէ առաջարկի, որ իրապէ՛ս կ՛իրագործէ այս նպատակները», ընդգծեց նախագահ զօր. Միշել Աուն:
Նաեւ` Հարիրի
Նմանապէս, վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երէկ կարճատեւ այցելութեամբ Պաապտա հասած էր, նախագահ Աունին վերագրելով իր խօսքերը վերահաստատեց, որ «կը փափաքի յանգիլ լուծման եւ ոչ թէ դատարկութեան»: Հարիրի թելադրեց զարկ տալ դրական մօտեցումին, որ 95 առ հարիւր համեմատութեամբ առկայ է առնչակից կողմերուն մօտ, ինչպէս նաեւ խուսափիլ ժխտական կեցուածքներէ: «Քուէարկութեան ընտրանքը կարելի է, սակայն կը նախընտրենք բոլորին միջեւ համախոհութեամբ բարւոք լուծման յանգիլ», շեշտեց վարչապետ Հարիրի` նշելով, որ յառաջիկայ օրերուն այս առնչութեամբ աշխուժ ճիգեր ի գործ պիտի դրուին բոլոր կողմերուն հետ:
Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընտրական թղթածրարով զբաղող նախարարական յանձնախումբի նիստին` մասնակցութեամբ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի, Աւետիս Կիտանեանի, Եուսեֆ Ֆինիանոսի, Ղաթթաս Խուրիի, Թալալ Արսլանի, Այման Շուքէյրի, Ալի Հասան Խալիլի, Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Փիեռ Պու Ասիի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլէյֆելի:
Թէեւ ընտրական յատուկ տարազ մը չէ քննարկուած, սակայն խորհրդակցութեանց ընդհանուր մթնոլորտը դրական եղած է, ինչպէս հաստատեցին նախարարները ժողովի աւարտին:
Իրերու այս դրութեան մէջ, դէտերու կարծիքով` 15 մայիսի խորհրդարանական նիստին յետաձգումը անխուսափելի կը թուի: Ժամանակի մտահոգութեամբ` խիստ հաւանական կը թուի ընտրութեանց յետաձգումը յառաջիկայ սեպտեմբերին, պայմանով, որ կողմերը համախոհական ընտրական օրէնքի մը յանգին նախքան գործող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտը` 20 յունիս 2017-ին:
Այս մթնոլորտէն հեռու չէ նաեւ նախարարաց խորհուրդը, որ այսօր նիստ մը պիտի գումարէ` օրակարգի վրայ ունենալով 104 քննելի հարցեր, որոնց շարքին ընտրական թղթածրարը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ: