Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1960-ի Ընտրական Օրէնքը Վերայայտնութեան Հաւանականութեան Լոյսին Տակ. Ընտրական Թղթածրարին Գծով Բանավէճը Կը Սաստկանայ

Մայիս 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ տեղի ունեցող քուլիսային թէ բացայայտ նիստերու եւ խորհրդակցութեանց, ընտրական թղթածրարին շուրջ կողմերուն միջեւ տիրող տարակարծութիւնը օրըստօրէ կը ստանայ աւելի սուր բնոյթ: Փաստօրէն, յատուկ այս հարցի քննարկման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբը չյաջողեցաւ վճռական եզրայանգում կատարել երեքշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին: Նմանապէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը երէկ, չորեքշաբթի օրուան իր նիստին պաշտօնապէս չքննարկեց ընտրական թղթածրարը, որ սակայն առանցքը կազմեց առնչակից կողմերու վերագրուած կեցուածքներուն: Պիտի չկայանայ նաեւ այսօր` հինգշաբթի նախատեսուած կառավարութեան արտակարգ նիստը: Աւելի՛ն, իւրաքանչիւր կողմ կառչած կը մնայ իր առաջադրած տեսակէտին` միաժամանակ զգուշացնելով երկիրը սահմանադրական դատարկութեան եւ գահավիժումի մղելէ: Իրերու այս դրութեան մէջ, տողատակի ընթերցումով հետզհետէ կը քողազերծուի լռելեայն այն պատգամը, թէ իրենց համայնքային շահերու պահպանման նախանձախնդիր կողմերուն մտավախութիւնը երկունք կը պատճառէ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակման հաւանականութեան գծով:

Արդարեւ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ, չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին երեսփոխաններու ներկայութեան իր ընդվզումը արտայայտած էր եւ այս գծով անոր կը վերագրուէր այն կեցուածքը, թէ` «այսպիսով ո՛չ միայն սահմանադրական ու վարչամեքենայի  դատարկութեան, այլեւ` իշխանութեան ամբողջական փլուզումին կ՛ուղղուինք»: Պըրրի ըսած էր. «Կարելի չէ երկիրը վատ արգելարանէն յոռեգոյնին մղել»` ակնարկելով 1960-ի օրէնքէն «որակաւորման» տարբերակին անցնելուն, որ Պըրրիի բառերով` աւելի «համայնքային» է: Խորհրդարանի նախագահը իր այս կեցուածքով անուղղակիօրէն կը հակազդէր նախանցեալ օր նախագահ  Միշել Աունի յայտարարութեան: Աւելի՛ն, խորհրդարանի նախագահը Լիբանանի անցուդարձերուն հոլովոյթը կը դիտէ շրջանային ու միջազգային հարթակի դիտանկիւնէն եւ ան մէկէ աւելի առիթներով զգուշացուցած էր, թէ «դիտեցէ՛ք շուրջի անցուդարձերը փոխանակ աթոռի համար վիճելու»: Աւելի ուշ, Այն Թինէի աղբիւրներ հերքեցին, թէ Պըրրիի այս յայտարարութիւնը ուղղուած էր Պաապտայի պալատին դէմ:

Այս առնչութեամբ մէկէ աւելի կողմեր հաւանական նկատեցին, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակման անկարելիութեան պարագային 15 մայիսի ժամկէտը «թեքնիք» պատճառներով կը յետաձգուի մէկ կամ աւելի շաբաթով  եւ ընտրութիւնները կը կայանան սեպտեմբերին` համամասնական տարբերակի հիմամբ: Այս ուղղութեամբ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ ընտրական «որակաւորման» տարբերակի ընտրանքին` միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով  լսելու նաեւ այլ առաջարկներ:

Նաեւ` Արտաքին Հաւանութիւն

Լիբանանի քաղաքական կառոյցը փոփոխութեան ենթարկելու միտող ընտրական նոր օրէնքի մշակման առնչութեամբ անուղղակիօրէն վերապահ են նաեւ արտաքին կողմեր: Արդարեւ, վերջին շրջանին մեծ պետութեանց եւ եւրոպական երկիրներու դեսպաններ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներու հետ իրենց խորհրդակցութեանց կողքին, անդրադարձած են նաեւ ընտրական թղթածրարին` թելադրելով շրջանային ներկայ իրադրութեան մէջ տիրող լիբանանեան  իրավիճակը չխախտել եւ նոր խորհրդարանը կազմել ընթացիկ, սովորական հոլովոյթով: Անոնք նոյնիսկ հաւանական նկատած են 1960-ի օրէնքի կիրարկումը այն հիմնաւորումով, որ երկամեայ ընդմիջումէ ետք նախագահական ընտրութիւնն ու անոր յաջորդած` Հարիրիի գլխաւորած կառավարութեան կազմութիւնը իրագործուած էին տիրող իրավիճակի պայմաններուն մէջ, ուր գերակայ է 1960-ի օրէնքը:

Այս ծիրին մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նեզիհ Նաժարի երէկ վարչապետ Հարիրիի հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին մաղթեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան յաջողի ընտրել իր երեսփոխանները:

Այս առնչութեամբ դարձեալ,  կը նախատեսուի,  որ ընտրական թղթածրարին գծով բոլոր քայլերը քննարկումի սահմանը չանցնին եւ 19 յունիսի ժամկէտին որոշուի ընտրութեանց «թեքնիք» յետաձգումը սեպտեմբերին` Պըրրիի առաջադրած համամասնական կամ մինչեւ իսկ 1960-ի օրէնքին հիմամբ, բացի եթէ մինչ այդ  մետասաներորդ պահու «փրկարար» լուծում մը չյայտնաբերուի:

Այս տրամաբանութեամբ կարելի է մեկնաբանել ընտրական թղթածրարի «արտաքսումը» նախարարաց խորհուրդի երէկուան նիստէն եւ` «ձեւական»  քննարկումը նախանցեալ օրուան նախարարաց յատուկ յանձնախումբին նիստին:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հաստատեց Իշխանութեան Վճռական Կեցուածքը Արտաքին Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Գծով

Յաջորդը

Ալվարօ Մորաթթա Կը Նախընտրէ Մնալ Ռէալ Մատրիտի Մէջ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?