Նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` օրակարգի վրայ ունենալով 114 քննելի հարցեր: Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ գումարուած այս նիստին քննարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ օրակարգի կէտերուն մեծամասնութիւնը, մինչ գլխաւոր թղթածրարները` երկրի հրատապ հարցերէն ընտրական ու ելեկտրականութեան նաւերու թղթածրարները մնացին լուսանցքային խորհրդակցութեանց կիզակէտները:
Այս գծով վարչապետ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի հաւաստեց, թէ «դռները բոլորովին փակուած չեն, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած տարբերակը տակաւին ի զօրու է:
Իսկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտարարեց, որ իրերու այս կացութեան մէջ հիմնական է պահել Լիբանանի արաբակա՛ն դիմագիծը :
Միւս կողմէ, նախարարաց խորհուրդը մէկ ամսուան պայմանաժամ տուաւ քարահանքերու տէրերուն` դասաւորելու իրենց կացութիւնը ` օրինաւոր արտօնագիր ապահովելու գծով: Մինչ այդ արտօնելով արդէն իսկ արտօնագիր ունեցողներուն` շարունակելու իրենց աշխատանքը: