«Նաւերու համաձայնութիւնները գրպանները կը լեցնեն», յայտարարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ` ակնարկելով ելեկտրուժի համար քարիւղի նաւերու պայմանագրութեան հարցին: «Որեւէ համաձայնութիւն, որ չ՛անցնիր նուազուրդի բաժանմունքէն` կասկածելի է», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կարմիր խաչի պատուիրակութիւնը: Այս առիթով Պըրրի իր մայիսի ամսաթոշակը նուիրեց Կարմիր խաչին` խոստանալով այս կազմակերպութեան կատարուող տարեկան 5 միլիառ լ. ոսկիի յատկացումը կրկնապատկել: