Կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներ Ղասսան Հասպանի, Մըլհեմ Ռիաշի, Փիեռ Պու Ասի եւ դաշնակից նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուին ելեկտրականութեան թղթածրարին շուրջ:
Անոնք մերժեցին ելեկտրականութեան գծով կայացող պայմանագրութիւններն ու նուազուրդի պայմանները` հիմնաւորելով իրենց պատճառները: Հասպանի, որ խօսեցաւ նախարարներուն անունով, անհրաժեշտ նկատեց, որ ելեկտրականութեան գծով որեւէ պայմանագրութիւն նախ պէտք է ստանայ կառավարութեան հաւանութիւնը: