Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ Մեր Ուժերուն Վրայ»

November 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ժամանակաւոր ուժը` ՖԻՆԻՒԼ-ը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակին պատկանող «Մերքաւա» հրասայլ մը այսօր առաւօտեան ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն վրայ կրակ բացաւ` լիբանանեան հողերուն վրայ անոնց կեցութեան վայրին մօտ»:

«Ծանր գնդացիրէ արձակուած փամփուշտներ թիրախաւորեցին շուրջ հինգ մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող խաղաղապահ ուժերը, որոնց զինուորները հետիոտն էին եւ ստիպուեցան շրջանին մէջ թաքնուիլ», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:

«Խաղաղապահ ուժերու զինուորները ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդակցութեան խողովակներուն ճամբով իսրայէլեան բանակին կոչ ուղղեցին կրակոցը դադրեցնելու եւ երեսուն վայրկեան ետք յաջողեցան վայրէն հեռանալ, երբ «Մերքաւա» հրասայլը հեռացաւ դէպի իսրայէլեան բանակի դիրք», կը յայտնէ հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով. «Բարեբախտաբար ոչ ոք վնասուեցաւ»:

ՖԻՆԻՒԼ-ը ընդգծեց. «Այս դէպքը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում մը կը նկատուի»` իսրայէլեան բանակին դարձեալ կոչ ուղղելով «դադրեցնելու խաղաղապահ ուժերը կամ անոնց դիրքերուն մերձակայքը թիրախաւորող որեւէ թշնամական արարք կամ յարձակում»` ընդգծելով, որ խաղաղապահ ուժերը աշխատանք կը տանին կայունութեան վերականգնման համար, «որուն իրագործման համար թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ՛ Լիբանանը կ՛ըսեն, թէ աշխատանք կը տանին»:

Լիբանանեան Բանակի
Հաղորդագրութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին լիբանանեան գերիշխանութեան ոտնահարման վրայ կը պնդէ` Լիբանանի մէջ կայունութեան քայքայում պատճառելով եւ խոչընդոտելով հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի տեղակայման ամբողջացումը, եւ դատապարտելի այդ յարձակումներուն վերջինը 16 նոյեմբեր 2025-ին թիրախաւորեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի (ՖԻՆԻՒԼ) պարեկութիւն կատարող ուժ մը»:

Բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ բարեկամ պետութիւններու հետ համակարգաբար կ՛աշխատի վերջ տալու իսրայէլեան թշնամիին կողմէ շարունակուող ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն, որոնք անմիջական քայլ կը պահանջեն` նկատի ունենալով, որ վտանգաւոր մագլցում կը ներկայացնէ»:

 

 

Նախորդը

Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»

Յաջորդը

Ռուպիօ. «Թրամփ Փութինի Հետ Պիտի Հանդիպի, Երբ Դրական Տեղաշարժի Կարելիութիւն Ըլլայ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.