Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի իր քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի ոտքի կանգնումը ճառերով չի սկսիր, այլ սիրտէն, ներքին վերանորոգումէն, հաւատքէն, թէ Աստուած տակաւին մեր պատմութեան մէջ ներկայ է, մեր հայրենիքի տաճար պիտի այցելէ, եթէ մեր սիրտերը պատրաստ, հաւատացեալ եւ աղօթող գտնէ»:
«Լիբանան կարիքը ունի պատասխանատուներու, որոնք գիտեն ե՛րբ լսել եւ ե՛րբ խօսիլ, որովհետեւ անկեղծ խօսքը փորձութեան ենթարկուած եւ ցաւով մաքրուած սրտէն կը բխի», նշեց ան:


