Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Պէյրութ 1» խորհրդաժողովի մէկ կլոր սեղանի ընթացքին նշեց. «2026 թուականին ֆինանսական աւելցուք պիտի արձանագրենք»:
«Անհամբեր կը սպասենք միջազգային եւ արաբական ընկերութիւններու հետ գործընկերութիւններու», ըսաւ ան:
«Վաղը Պէյրութի նաւահանգիստ կը հասնին «սքանըր»-ի նոր սարքերը, եւ երկու օր ետք ալ անոնք Թրիփոլիի նաւահանգիստ կը հասնին», յայտնեց Ժապեր:
Ելեւմուտքի նախարարը նշեց. «Միջազգային եւ արաբական ընկերութիւններու հետ կը բանակցինք նոր ծրագիրներու ճամբով մաքսատան կառավարումը բարելաւելու համար»:
Ժապեր խորհրդաժողովի ծիրին մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Քարտ Հասան»-ի խնդիրի լուծումը պէտք է նախ եւ առաջ քաղաքական եւ երկխօսութեան ճամբով ըլլայ»:


