Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Կ՛ուզենք, Որ Կառավարութիւնը Դէմ Դնէ Իսրայէլին Եւ Օտարերկրեայ Որոշումներուն Չենթարկուի»

November 18, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ Թըմնինի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Նախապէս Սուրիան Լիբանան կանչեցին, երբ պայմանները փոխուեցան անոր դէմ դարձան: Նախապէս նաեւ իսրայէլացի թշնամին իրենց համաքաղաքացիներուն դէմ կանչեցին, եւ բազմաթիւ շրջաններու մէջ ջարդեր տեղի ունեցան: Հետեւանքը եղաւ այն, որ իսրայէլացի թշնամին հարազատներու միջեւ յառաջացուց սադրանք, որ յանգեցաւ քանդումի եւ տեղահանութեան, եւ այժմ ինչո՞ւ կ՛ընթանանք այս ներքին հռետորաբանութեամբ, որ ստոր բնազդներ, անհամաձայնութիւն, ատելութիւն եւ աղաւաղում կը խթանէ:

«Մենք քաղաքականութեան մէջ տարակարծիք ենք, ատիկա հասկնալի է, սակայն ինչո՞ւ է համայնքային հրահրումը եւ ի շահ որո՞ւ: Արդեօք հրահրումը երկիր կը կառուցէ՞: Տուէ՛ք մեզի երկիր կառուցող, լիբանանցիները միաւորող եւ երկրի շահերուն վրայ հիմնուած ծրագիր մը, որ ատելութիւններու հրահրումէ հեռու է»:

Շէյխ Խաթիպ հարց տուաւ. «Կառավարութիւնը իր դիւանագիտութիւնը գործադրե՞ց: Անիկա միայն Իրանի դէմ դիւանագիտութիւն ունի եւ իրանցիներուն ուղղուած յայտարարութիւններ, թէ մեր ներքին գործերուն մի՛ միջամտէք, մինչ արտասահմանէն պատուիրակները կու գան, մեր հարցերուն կը միջամտեն եւ հրամաններ կ՛արձակեն, եւ Կեդրոնական դրամատան ու կառավարութեան աշխատանքը (Դիմադրութեան) համակիր զանգուածը նեղութեան մատնելը, Լիբանանը պաշարելն ու տկարացնելը դարձաւ: Կեդրոնական դրամատան պատրաստ գումարի շուրջ տուած որոշումը լիբանանցիները ենթակայ դարձնելու համար է` առ ի գործադրութիւն արտաքին որոշումներու»:

«Կ՛ուզենք, որ կառավարութիւնը յաջողի, եւ մենք անոր հետ ենք, սակայն կ՛ուզենք, որ այս կառավարութիւնը հետաքրքրուի լիբանանցիներու շահերով` երկրագործութեան եւ այլ բաներու մէջ: (…) Կառավարութենէն կ՛ուզենք յստակ քաղաքականութիւն մը, որ ի շահ լիբանանցիներուն ըլլայ, ոչ թէ միայն Դիմադրութեան զինաթափումով եւ արտաքին քաղաքականութիւններու գործադրութեամբ զբաղի:

«Կը սեղմենք ձեռքը լիբանանեան բանակին, որ ապահովութիւնը կը պահպանէ եւ ներքին խնդիրները կ՛արգիլէ: Կ՛ողջունենք նախագահ Ժոզեֆ Աունը, որ բանակէն պահանջեց դէմ դնել թշնամիի յարձակումներուն, եւ կառավարութենէն կ՛ուզենք, որ դէմ դնէ Իսրայէլին եւ օտարերկրեայ որոշումներուն չենթարկուի», շեշտեց շէյխ Խաթիպ:

 

Նախորդը

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Եւ Ելեւմտական Շուկաներու Վարչական Խորհուրդի Անդամներու Երդման Արարողութիւն

Յաջորդը

«Իսրայէլի Յարձակումները Մտահոգիչ Են» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Բանբերը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.