Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, մեկնաբանելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան ջնջման վերաբերող լուրերը, նշեց. «Կը մաղթեմ, որ բանակի հրամանատարը մօտ օրէն խնդիրը լուծէ»:
Ան «Էմ. Թի. Վի.» յայտնեց. «Բանակը պէտք է ամէն աջակցութիւն ստանայ, եւ զայն պէտք չէ տկարացնել: Ատիկա Լիբանանէն դիւանագիտական ջանք պահանջող հարց մըն է»:
Ժապեր «Ժատիտ»-ի հետ ալ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալին պատահեցաւ, «աւարտ» չէ, այլ լուծման կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Մեր զինուորական հաստատութեան միշտ պիտի աջակցինք»:
Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Միշել Իսա իր կարգին նոյն հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Մեկնաբանութիւն չունիմ եւ որեւէ բանէ տեղեակ չեմ»:


