Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան ու լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Արեւմուտքցի պատուիրակներու առաջարկածը կրկնութիւն է, եւ ես կ՛ըսէի, թէ բոլոր կողմերէն կ՛ընդօրինակուի: Անոնք կ՛ըսեն, թէ կողմերը պէտք է դադրեցնեն լարուածութեան սրումը եւ պահպանեն 27 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, եւ Իսրայէլը պատասխանատու կը նկատեն այդ համաձայնագիրը խախտելու եւ Լիբանանի դէմ իր յարձակողական գործողութիւնները շարունակելու համար:

«Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոչ մէկը կը կատարէ լուրջ ակնարկ մը, որ կ՛ենթադրէ, թէ իր երկիրը կրնայ Իսրայէլին պարտաւորեցնել պահպանել զինադադարի համաձայնութիւնը եւ դադրեցնել իր յարձակումները, որովհետեւ անոնց կարծիքով` այս հարցը ձգուած է ամերիկացիներուն եւ անոնց գլխաւորած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Ֆրանսայի նախագահի խորհրդականը նախագահ Աունի հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմաններու սահմանագծման հարցը, եւ առաջարկեց այդ նպատակին համար Լիբանան-Սուրիա-Ֆրանսա յանձնախումբ մը կազմել»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Հըզպալլան նախագահ Աունին փոխանցեց «Քարտ Հասան»-ի հարցի վտանգաւորութիւնը եւ անոր յայտնեց, թէ «Քարտ Հասան»-ի թղթածրարը կուսակցութեան համար զէնքի թղթածրարին համազօր է, եւ ինք ամերիկեան որոշումին դէմ պիտի դնէ: Կուսակցութիւնը զգուշացուց Կեդրոնական դրամատան իր շրջաբերականներու ճամբով այս թղթածրարին շուրջ որեւէ քայլ առնելէն»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի դէմ հրահրող նամակ մը յանձնուեցաւ Քոնկրեսի անդամներուն, որոնք զայն որդեգրեցին: Գոյութիւն ունին լիբանանեան եւ սիոնական շրջանակներէ նախագահ Աունի դէմ շարունակուող հրահրումներ, ինչ որ Պըրրին եւ Աունը մղեց սրբագրելու երթը եւ ամրապնդելու ազգային միասնականութեան կոչ ուղղող դիրքորոշումը»:

Աղբիւրներ կը նշեն. «Այս հրահրումը նախագահ Աունի ներկայացուցած բանակցութեան տարազի թիրախաւորման ծիրին մէջ է, եւ անոր նպատակը խոչընդոտելն է որեւէ երթ, որ հանդարտեցման կը յանգեցնէ, մանաւանդ յարձակումի կշռոյթի բարձրացման նկատմամբ մտավախութեան լոյսին տակ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Այն Թինէէն հնչած խօսքը ցուցանիշ է յառաջիկայ փուլի, որ պիտի ուրուագծուի ուժերուն փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու կամ բախում ունենալու կարողութեան վրայ, եւ կը թուի, թէ խորհրդարանի նախագահը մտադիր է ամրապնդել այն հաւասարակշռութիւնը, որ իր դիրքը կարելի չէ շրջանցել»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաժահ իր հռետորաբանութեան մէջ աննախադէպ մագլցում արձանագրեց պետութիւնն ու Հըզպալլան պատասխանատու նկատելով այն հարցերուն համար, որոնք գետնի վրայ զարգացումներէն դուրս գալով մուտք կը գործեն ռազմավարական ընտրութեան բնոյթ` հիմնուելով այն աճող զգացողութեան վրայ, թէ Լիբանան դէպի վճռորոշ պահ կ՛ուղղուի»:

. ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթի տեղեկութեան, «սէուտական տնտեսական պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի «Պէյրութ 1-Վերականգնուած վստահութիւն» խորհրդաժողովին, եւ այս մասնակցութիւնը դրական քայլ է, որովհետեւ կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիան խորհրդաժողովի ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները սրբագրող քայլեր յայտարարէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Սէուտական այն քայլերը, որոնց մասին կը խօսուի, անոնց ծաւալն ու սահմանները ինչ որ ալ ըլլան, պիտի չիրագործուին նախքան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի Ուաշինկթըն այցելութիւնը եւ Պէյրութի նկատմամբ ամերիկեան լուրջ դիրքորոշման ծանօթանալը»:

Նախորդը

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Յաջորդը

Տիմաշքիէ. «Պատասխան Կը Սպասենք Այն Պաղեստինեան Խմբաւորումներէն, Որոնք Տակաւին Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Որոշում Չեն Տուած»

RelatedPosts

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ  Մեր Ուժերուն Վրայ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ Մեր Ուժերուն Վրայ»

Նոյեմբեր 17, 2025
Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը  Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ  Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները  Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»
Լիբանանեան

Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»

Նոյեմբեր 17, 2025
Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պատասխանատուներու,  Որոնք Գիտեն Ե՛րբ Լսել Եւ Ե՛րբ Խօսիլ»
Լիբանանեան

Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պատասխանատուներու, Որոնք Գիտեն Ե՛րբ Լսել Եւ Ե՛րբ Խօսիլ»

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?