Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քումաթի. «Կուսակցութեան Մը Ղեկավարը Հըզպալլայի Զինաթափումը Կը Պահանջէ, Երբ Իր Կուսակցութեան Պահեստանոցները Ամերիկեան Զէնքով Լեցուած Են»

November 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը կարծէ, որ կրնայ ամրագրել կարգ մը հաւասարակշռութիւններ, որոնց հիմամբ մնայուն կերպով այս հայրենիքին նկատմամբ ոտնձգութիւն կը կատարէ, առօրեայ կերպով յարձակում կը գործէ, կը սպաննէ եւ կը քանդէ, եւ ոչ ոք զինք կ՛արգիլէ կամ իր դէմ կը բողոքէ, ո՛չ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի գլխաւորած զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը, ո՛չ լիբանանեան պետութիւնը, ո՛չ լիբանանեան բանակը, ո՛չ Դիմադրութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը: Ան կը կարծէ, թէ իր հաւասարակշռութիւնը հաստատուեցաւ եւ այս երկրին պարտադրուեցաւ»:

«Իրականութեան մէջ թշնամիին մօտ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի, եւ ատոր փաստը պատուիրակութիւններն են, որոնք առօրեայ կերպով Լիբանան կը ժամանեն, մանաւանդ որ գիտեն, թէ իրենց նպատակները չիրագործեցին, եւ կը կարծեն, թէ միջազգային ճնշումի եւ Լիբանանի վրայ յարձակումի ճնշումով արդիւնքներու պիտի հասնին, սակայն Աստուծոյ հրամանով ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսաւ ան:

Քումաթի խօսքը Իսրայէլին ուղղելով յայտնեց. «Պէտք չէ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի մասին կամ պատերազմի նմանող տեսակարար մագլցումի մասին մտածես, որովհետեւ ատիկա քեզի որեւէ օգուտ պիտի չբերէ, մանաւանդ որ թշնամին անցեալ պատերազմի ընթացքին չորս զօրամասեր բերաւ Լիբանան-Պաղեստին սահման եւ ձախողեցաւ իր նպատակները իրագործել, եւ այժմ դարձեալ կը փորձէ, սակայն արդիւնքը անգամ մը եւս ձախողութիւնը պիտի ըլլայ»:

«Անոր ետին կանգնող ամերիկացի կնքահայրին կ՛ըսենք, յիմարութիւն մի՛ գործեր, որովհետեւ եթէ այդ յիմարութիւնը գործէք եւ Լիբանանի վրայ որեւէ յարձակում գործէք, ապա անոր դէմ պիտի դնենք, մեր հայրենիքը, ժողովուրդն ու անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանենք, եւ այս թշնամին մեզի ոչինչ պիտի կարենայ պարտադրել», աւելցուց ան:

Քումաթի. «Լիբանանեան կուսակցութեան մը ղեկավարը ամենայն անամօթութեամբ կը պահանջէ Հըզպալլան զինաթափել` նկատի ունենալով, որ ան լիբանանեան կուսակցութիւններէն մէկն է, սակայն ինք անձամբ լիբանանեան բանակին դէմ կռուեցաւ, բոլոր համայնքներու զաւակներուն դէմ կռուեցաւ, սիւննի եւ մարոնի ղեկավարներ սպաննեց, ինչպէս նաեւ այդ կուսակցութեան պահեստանոցները լեցուած են ամերիկեան զէնքերով, որոնք առօրեայ կերպով եւ իրենց տարբեր տեսակներով կը հասնին», նշեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամը:

«Միացեալ Նահանգներ այդ պահեստանոցները կ՛ամրապնդեն եւ կարելի բոլոր միջոցներով ճնշում կը բանեցնեն Դիմադրութեան զէնքը խլելու, ժողովուրդն ու հայրենիքը տկարացնելու, հայրենիքի այս ուժը վերացնելու, լիբանանեան գոյացութիւնը քարտէսէն վերցնելու եւ անոր վերջ տալու, որպէսզի մաս կազմէ Մեծն Իսրայէլին», յայտնեց Քումաթի:

Նախորդը

Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պատասխանատուներու, Որոնք Գիտեն Ե՛րբ Լսել Եւ Ե՛րբ Խօսիլ»

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան Հրասայլ Մը Կրակ Բացաւ Մեր Ուժերուն Վրայ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.