Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութիւնները Դատապարտող Կեցուածքներ

June 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան պաշտօնապէս դատապարտեց Իրանի խորհրդարանը հրացանաձգութեան եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանը անձնասպանական գործողութեան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական գործողութիւնները:

Նախագահ Աուն նշեց, որ այս երկու ահաբեկչութիւնները կը փաստեն, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի եւ անմարդկային կերպով կը հարուածէ բոլորը:

Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թեհրանի դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումները կը փաստեն ահաբեկչական մտքի ահաւորութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սրբավայր նկատուող իմամ Խումէյնիի դամբարանին մօտ անձնասպանական գործողութիւն կատարելը կը միտի համայնքային սադրանքներ նախապատրաստել Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Իրանի եւ իրանցիներուն` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն համար եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Հըզպալլա դատապարտեց Թեհրանի դէմ գործուած ահաբեկչական արարքները` հաստատելով, որ այդ գործողութիւններուն նպատակը Իրանի ապահովական կայունութիւնը խախտել է, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան ենթարկել Իրանի կողմէ շրջանի Դիմադրութեան ուժերուն նկատմամբ ցուցաբերուած անշեղ զօրակցութիւնը:

Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իրանի դէմ ահաբեկչական այդ գործողութիւնները կատարող կողմերը յստակ են` աւելցնելով, որ Թեհրանի մէջ գործուած ոճիրը գործնական քայլ մըն է շրջանին մէջ վերջերս արձանագրուած շրջանային եւ միջազգային մագլցումներուն:

 

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Առումով Ժամանակի Կարիքը Ունինք» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Յաջորդը

Կիտանեան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.