Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Ընդգծեց Ընտրական Օրէնքը Վաւերացնելու Անհրաժեշտութիւնը

June 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխարհի մէջ լիբանանցի գործարարներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ֆուատ Զըմքըհոլի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապին հիմնական լուծում գտնելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց նաեւ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընտրական օրէնքը խոչընդոտող կարգ մը կէտերու լուծման համար երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ նախքան վարչապետարանի հանդիպումը, Ատուան առանձին հանդիպումներ ունեցած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Միւս կողմէ, «Պիել»-ի մէջ նախանցեալ գիշեր Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած տարեկան իֆթարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Հարիրի յայտնեց, որ Իսրայէլ մտածած է, թէ Պէյրութը ծունկի բերել կը նշանակէ Լիբանանը նոյն վիճակին ենթարկել, սակայն Պէյրութ ծունկի չեկաւ եւ բռնագրաւող ուժերը հեռացուց: «Պէյրութ հանդուրժեց նաեւ պաղեստինեան եւ լիբանանեան միլիսներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգին պարտադրած իշխանութեան, սակայն երկար տառապանքէ ետք ան ճակատաբաց դուրս եկաւ` շնորհիւ իր զաւակներուն կամքին եւ Պէյրութի արժանապատուութիւնը պաշտպանողներուն», ըսաւ Հարիրի:

Անդրադառնալով Պէյրութի դիմագրաւած կենսոլորտային ապականումի հարցերուն` Հարիրի շեշտեց, որ մայրաքաղաքին փողոցները բնաւ աղբերով պիտի չողողուին` աւելցնելով, որ այդ իմաստով կառավարութիւնը կ՛աշխատի եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի կարենայ գոյացնել այնպիսի համաձայնութիւն, որ կարելի ըլլայ աղբը ուժանիւթի վերածել:

Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հետ ձեռնարկուած է հսկայական աշխատանքի մը` նպատակ ունենալով շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն ունենալ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքին Շուրջ Պէտք Է Անյապաղ Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Հետեւիլ Ընտրական Օրէնքի Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.