Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակին Իրագործած Ապահովական Կանխարգելիչ Գործողութիւնները Ուղղակի Թիրախներ Արձանագրած Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

June 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք ընթացիկ նիստին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական զօրամասի հրամանատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, ինչպէս նաեւ զինուորականներու պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան վճռակամ է ահաբեկչական կազմակերպութիւնները հալածելու եւ անոնց դիմադրելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու առումով:

Նախագահ Աուն նշեց, որ բանակը կը շարունակէ օդային եւ ցամաքային իր հարուածները հասցնել ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

«Բանակին իրագործած ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւնները ուղղակի թիրախներ արձանագրած են», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Վոթըլի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութեան համար, յոյս յայտնելով, որ բանակը իր դերակատարութիւնը լիովին կատարէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Իր կարգին, զօր. Վոթըլ նախագահ Աունին յայտնեց ամերիկեան իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը` լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ օժանդակելու իմաստով:

Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած է ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը փաստած է, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու բարձր կարողութիւններ ունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ զարգացումները:

Նախորդը

«Կառչած Կը Մնանք Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում Իրականացնելու Ծրագիրին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Սպանիոյ Սուեքա Քաղաքը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.