Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիտանեան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

June 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ:

Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ նախարար Կիտանեանի հետ արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զբօսաշրջիկներ փոխանակելու առումով:

Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել ռուսական ընկերութեան մէջ տարածելու դէպի Լիբանան զբօսաշրջական այցելութիւն կատարելու առաւելութիւնները` պատմական, կրօնական թէ բնական զբօսաշրջութեանց մարզերուն մէջ:

Զասիփքին աւելցուց, որ լիբանանցի զբօսաշրջիկներուն պարագային վերջին տարիներուն բաւական աճ արձանագրուած է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի ջանան Ռուսիա այցելող լիբանանցիներուն գումակային հարցերը դիւրացնել:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն Լիբանանի վրայ ունեցած հետեւանքներուն` Զասիփքին ըսաւ, որ որեւէ ժխտական զարգացում կրնայ իր վատ ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի վրայ, մասնաւորաբար նկատի ունենալով համայնքային տիպի մագլցումները: «Սակայն ես համոզուած եմ, որ լիբանանցիները ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան կը հաւատան, եւ անոնց միջեւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներու գրգռումը պիտի ձախողի, ինչպէս պատահած է նախապէս», ըսաւ ան:

Զասիփքին մաղթեց, որ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ համաձայնութիւն մը գոյանայ Լիբանանի մէջ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու յստակ թուական մը ճշդուի:

 

Նախորդը

Իրանի Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութիւնները Դատապարտող Կեցուածքներ

Յաջորդը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Զօր. Վոթըլի Ընկերակցութեամբ Այցելեց Արսալ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.