Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Ծանր Պատժամիջոցներուն Ենթարկելու Ռոյ Համուշը Սպաննողները

June 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
նախագահ Աուն – երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 156-ամեակը` դրուատելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անոնց դերակատարութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ եթէ երկրին ապահովութիւնը խոցելի դառնայ, ապա երկիրը կը դադրի բարգաւաճելէ, եւ ինքնաբերաբար կը վնասուին երկրին բոլոր մարզերը, իսկ քաղաքացին կը ստիպուի ինքզինք եւ իր ընտանիքը պաշտպանելու միջոցներու դիմել:

Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղելով Ներքին ապահովութեան ուժերուն շեշտեց, որ երկրին մէջ իբրեւ ապահովութիւնը պարտադրող տարրեր, անոնց նկատմամբ վստահութիւն կայ եւ պէտք է այդ վստահութիւնը արդարացնել, յատկապէս երբ ապահովական միջադէպերը աճ կ՛արձանագրեն: «Լիբանանցի քաղաքացիին պաշտպանութիւնը ձեր ճիտին պարտքն է: Քաղաքացին, անոր ընտանիքն ու կեանքը վտանգներէ եւ սպառնալիքներէ փրկելը ձեր պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պատերազմի ընթացքին լիբանանցիները տառապած են անապահովութենէ, ինչպէս նաեւ միլիսներուն պարտադրած ապահովական իրավիճակէն, եւ այդ պատճառով ալ լիբանանցիներուն մեծ մասը արտագաղթած է:

«Այսօր եթէ մենք փորձենք ապահովական հանգիստ ու խաղաղութիւն պարտադրել, ապա կանխարգիլած կ՛ըլլանք այլոց արտագաղթի դրդապատճառը, ինչպէս նաեւ առիթ ստեղծած, որ արտերկրի լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերն ու ապահովական բոլոր կառոյցները միասնաբար պէտք է գործեն` հաստատելու համար պահանջուած ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն ողջունեց նաեւ իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակուած ոստիկաններուն յիշատակը` շեշտելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն անձեռնմխելիութիւնը կու գայ ազգային արժէքներուն եւ կարգապահութեան իրենց կառչածութենէն: Ան աւելցուց, որ ինք պատրաստ է ամէն իմաստով օժանդակելու Ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հետեւեցաւ լիբանանցի երիտասարդ Ռոյ Համուշի սպանութեան հետաքննութեան արդիւնքներուն` կոչ ուղղելով ամէնէն ծանր պատժամիջոցներուն ենթարկելու զայն սպաննողները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընդունեց երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց Հռոմ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Քազեմ Խէյր եւ Ֆարիտ Խազեն:

Նախորդը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Զօր. Վոթըլի Ընկերակցութեամբ Այցելեց Արսալ

Յաջորդը

Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Խորհուրդը Կը Փորձէ Կանխարգիլել Հայաստանին Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Ծաւալի Կրճատումը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.