Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սամիր Ազար երէկ մահացաւ, երկարատեւ հիանդութենէ ետք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց սուրիացի Ֆայսալ Հիւսէյն Մեմլուքը, որ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած է եւ տարիներ առաջ Արսալի քաղաքապետարանին մօտ վիրաւորուած է` լիբանանեան բանակին հետ հրացանաձգութեան պահուն:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ Պաալպեքի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու համար կարելի չէ դասական ապահովական միջոցառումներ որդեգրել` աւելցնելով, որ ապահովութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը անկարելի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կարելի չէ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասար ներկայացուցչութեան հարցը կապել ընտրական օրէնքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան ընդգծեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամական-քրիստոնէական համակեցութեան կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ընտրական նոր օրէնքին դիմագրաւած խոչընդոտները վերացնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ստիպուած են մինչեւ 20 յունիս ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ, ապա թէ ոչ խորհրդարանին ճակատագիրը անորոշութեան պիտի մատնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ստանձնէ Լիբանանի ապահովական կացութեան արձանագրած բացթողումներուն պատասխանատուութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ պահանջուածը ամէնէն արագ միջոցին ընտրական օրէնքի վաւերացումն է, նախքան խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց բազմապատկելու ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ճիգերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր դատապարտեց Իրանի դէմ գործուած յարձակումները եւ կոչ ուղղեց տապալելու հաւատադրժողական գաղափարաբանութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ ինք Աքքարի մէջ պիտի կազմէ երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածուներու ցանկ մը` նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ գործակցաբար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց բոլորին հակակշռելու խուլիկաններն ու ապօրինի զէնքի գոյութիւնը` յարգելու համար անարգ ոճիրի զոհ գացած երիտասարդ Ռոյ Համուշի յիշատակը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Ռոյ Համուշի սպանութիւնը կ՛ենթադրէ Լիբանանի մէջ վերահաստատել կախաղաններու դրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու հաւանականութիւնը հետզհետէ կը չքանայ:

ՏԱՐ Ֆաթուայի բանտերու հոգատարութեան բաժանմունքը իսլամական բանտարկեալներուն իֆթար կ՛ապահովէ ռամատանի առիթով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին հետախուզական թռիչքներ գործեց Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Պարուքի լեռներ եւ Արեւմտեան Պեքաա:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախքան Ժետտա իր մեկնումը, վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահած ընտրական օրէնքի քննարկման հանդիպումը արդիւնաւէտ չէ եղած: Նոյն օրաթերթին համաձայն, երկուշաբթի օրուան խորհրդարանի նիստին կայացումը կախեալ է Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող համամասնական ընտրական օրէնքին շուրջ կատարուող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, որ ընտրական օրէնքին իմաստով ի յայտ եկած տարակարծութեան պատճառը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեսակէտին փոփոխութիւնն է:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր կը փափաքին վերադառնալ 1960-ի ընտրական օրէնքին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, հիմնուելով Մուսթաքպալ հոսանքի տեղեկութիւններուն վրայ, կը գրէ, թէ Լիբանան ընտրական նոր օրէնք պիտի ունենայ:

 

Նախորդը

Զարիֆ Թուրքիայէն Կը Պատասխանէ Թրամփին. «Թեհրանի Մէջ Կատարուած Յարձակումներուն Հակազդեցութիւնդ Գարշելի Է»

Յաջորդը

Ժրայսաթի. «Արդարութիւնը Պիտի Պարտադրուի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.