Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գաւառներուն Մէջ Վարկանշային Քուէի Դրութիւնը Առողջ Եւ Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Կ՛երաշխաւորէ» Ընդգծեց Քանաան

Յունիս 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքին կողքին կան որոշ երաշխիքներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ քրիստոնէական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ կայ Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ Թաէֆի համաձայնագիրն է, որ քաղաքացիներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւն կ՛ապահովէ:

Քանաան հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային տրամաբանութիւնը կարելի չէ ամրապնդել` առանց ազգային գործակցութիւնը յարգելու:

Ան շեշտեց, թէ իրենք խոստացած էին, որ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելէ եւ կառավարութիւն կազմելէ ետք պիտի անցնին սահմանադրական եւ Ազգային ուխտի հիման վրայ գործելու աշխատանքին` առանց այդ աշխատանքէն հրաժարելու:

Քանաան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մէջ իրագործուած բարեկարգումներէն մէկը Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի բաժնելու քայլն է` աւելցնելով, որ այլ բարեկարգում կը նկատուի նաեւ վարկանշային քուէն:

«Գաւառներուն մէջ վարկանշային քուէի դրութիւնը առողջ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛երաշխաւորէ, յատկապէս փոքրամասնութիւններուն», ըսաւ Քանաան:

Ան աւելցուց, որ իրենք համաձայն են երեսփոխանական ընտրութիւնները ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կատարելու` նշելով միաժամանակ, որ իրենք յարմար կը գտնեն, որ ընտրութիւնները կատարուին հոկտեմբերին:

 

 

 

Նախորդը

Կիտանեան Քննարկեց Հասպայայի Մէջ Փառատօն Ծրագրելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

«Կառչած Կը Մնանք Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում Իրականացնելու Ծրագիրին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?