Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ալէյի քաղաքապետարաններն ու հեղինակութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները պիտի ըլլան առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները իրենց ընտրութիւնը պիտի կատարեն ազատութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ազատ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ տեղի ունենան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանեան տարբեր շրջաններուն բարգաւաճումը ապահովելու համար:
Ան հաստատեց նաեւ, որ պետութիւնը կը ջանայ նաեւ բարեկարգումներ իրագործել:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Զահլէի քաղաքապետներն ու թաղապետները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ նախկին երեսփոխան Սելիմ Աունի:
Պատուիրակութիւնը նախագահին ներկայացուց սահմանամերձ շրջաններու գիւղերուն պահանջները:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական նոր օրէնքը: