Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԷԿ առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանակը Արսալի մէջ կատարեց զինուորական նոր գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ձերբակալեց Ապտել Մեժիտ Ամմունը եւ Մոհամետ Ֆայսալ Ուաուը, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի սպանութեան սպառնալիքներ ստացաւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներէն: Սպառնալիքներուն պատճառը Արսալի գաղթակայաններուն մէջ լիբանանեան բանակին կատարած խուզարկումներուն զօրակցող Հուժէյրիի կեցուածքներն էին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերով պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ միայն լիբանանեան բանակին արտօնուած է միջամտել Արսալի բարձունքներուն վրայ տիրող կացութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային սուր երկփեղկումին վերջ մը դնելու եւ ուղղուելու դէպի քաղաքացիական պետութեան ստեղծում:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով համաձայնութիւն գոյացած է: Ան ընդգծեց, որ վարչական նշանակումները կարեւոր են կառավարութեան աշխատանքը բարելաւելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կը սկսի Արսալէն` զինեալներուն մաքրագործումէն ետք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի վաւերացուին, որովհետեւ անոնք իրաւունք են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ հաստատեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն հետ բանակցիլը կտրականապէս մերժելի է` աւելցնելով, որ եթէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համար Լիբանան պէտք է անպայման բանակցութիւններ կատարէ, ապա բանակցող կողմը պէտք է ըլլայ Մոսկուան եւ ոչ թէ Սուրիան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ զինուորական գործողութիւնը պէտք է անյապաղ սկսիլ` առանց յաւելեալ ուշացում արձանագրելու:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մուսթաքպալ հոսանքի առաջադրելիք թեկնածուներուն առաջինն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ միացեալ փափաք յայտնեցին իրենց միջեւ յարաբերութիւններու սառցահալ մը կատարելու: Կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային հանդիպում մը կատարուի երկու ղեկավարներուն միջեւ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարներ Նուհատ Մաշնուք եւ Ժըպրան Պասիլ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կրնայ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ յարձակում մը կատարել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ ահաբեկիչներուն դէմ սանձազերծուելիք զինուորական գործողութիւնները պիտի սկսին նուազ քան մէկ շաբաթէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ են Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչները մաքրագործելու զինուորական գործողութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ երէկ հասաւ Պէյրութ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ստիպուած է զանոնք վերադարձնել իրենց երկիրը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Ըստ «Սումարիյա Նիուզ»-ին. Թելաֆըրի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարութիւնը «Խալիֆայութեան Պետութենէն» Անկախութիւն Հռչակած Է

Յաջորդը

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Աշխատանքի, Կենսոլորտի, Զբօսաշրջութեան Եւ Ուժանիւթի Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?