Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Լիբանանեան Որ Իշխանութեան Այս Շրջանը Լիբանանցիներուն Ձգտումները Չի Լրացներ»

July 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հոսանքի կեդրոնին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք կը մաղթէր, որ լիբանանեան նոր իշխանութեան այս շրջանը աւելի լաւ ըլլար, սակայն ցարդ ոչ մէկ նշանակալից յառաջխաղացք արձանագրուած է:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին դրական որեւէ զարգացումի: «Թէեւ մենք կառավարութեան մէջ ներկայացուած ենք, սակայն լիբանանեան նոր իշխանութեան այս շրջանը լիբանանցիներուն ձգտումները չի լրացներ», ընդգծեց ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ելեկտրական նոր կայաններու հիմնումին եւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան պարագային դարձեալ հարցեր պիտի ստեղծուին` աւելցնելով, որ իրենք հաստատութիւններու ապապետականացումին դէմ չեն, սակայն գիները պէտք է ճշդուին պետութեան կողմէ եւ ոչ թէ ներդրումներ կատարողին:

Ան նշեց, որ այս կեցուածքներով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձին մասին չէ որ կը խօսի, որովհետեւ նախագահ Աուն պարկեշտ անձնաւորութիւն մըն է, սակայն իր իշխանութեան ընթացքին ցարդ ոչինչ փոխուած է:

Ան վերահաստատեց Պաապտայի մէջ արտայայտած իր կեցուածքը, թէ ինք հանրապետութեան նախագահին ենթակայ է` աւելցնելով, որ իրենց գործունէութիւնն ու վարուելակերպը յստակ է:

Ֆրենժիէ մաղթեց, որ նախագահ Աուն տնտեսական յանդուգն քայլի մը դիմէ` շեշտելով, որ տնտեսական զարթօնքը կարելի է ապահովել երկրին մէջ ներդրումները բազմապատկելով:

Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք կը մերժէ Թաէֆի համաձայնագիրը փոփոխութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ հարցը երկրին սահմանադրութեան մէջ չէ, «իսկ սահմանադրական որեւէ փոփոխութիւն պէտք է կատարուի լիբանանեան համախոհութեամբ», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով ներքին լիբանանեան ապահովական խախուտ իրավիճակին` Ֆրենժիէ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերեալ լիբանանեան միասնական կեցուածքին կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին ապահովումը լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է եւ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ կառավարութեան հետ խորհրդակցաբար լուծել այդ հարցը:

ՏԱՀԵՇ-ի մասին Ֆրենժիէ ըսաւ, որ այս խմբաւորումին ծրագիրը ձախողած է` աւելցնելով, որ անոր ծրագիրին յաջողութեան պարագային Լիբանան պիտի քանդուէր եւ յաւիտեան այլափոխուէր: «ՏԱՀԵՇ այլեւս չի սպառնար Լիբանանի գոյութեան, իսկ ատիկա Հըզպալլայի նուաճումն է: Եթէ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ չկռուէր, ապա անկարելի պիտի ըլլար Լիբանանը ՏԱՀԵՇ-ի վտանգներէն փրկել», հաստատեց Ֆրենժիէ:

Ան նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր յարաբերութիւնները բացառիկ են եւ կը մնան անփոփոխ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ նշեց, որ տակաւին յստակ տուեալներ չկան:

 

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Կը Դրուատէ Աքուրայի Ռազմափորձը

Յաջորդը

Ժիպէյլի Քաղաքապետը Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.