Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին:
Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել եւ ամրապնդել` Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Իսլամական համալսարանի նախագահ Տինա Մաուլան` ընկերակցութեամբ ֆրանսական համալսարաններու պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական համալսարանական եւ մշակութային յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները: