Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիսստին ընթացքին քննարկուեցաւ 60 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Չորսուկէս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծեց լիբանանեան բանակին ցուցաբերուելիք զօրակցութեան կարեւորութիւնը:
Ապու Ասի նշեց, թէ Հարիրի հաստատած է, որ բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ եւ պահպանելով երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը: «Մենք կը վերահաստատենք բանակին նկատմամբ մեր զօրակցութիւնը եւ նեցուկ կը կանգնինք անոր` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին առումով», ըսած է Հարիրի:
Ապու Ասի նշեց նաեւ, որ վարչապետը նշած է, թէ բանակը թափանցիկ հետաքննութիւն կը կատարէ Արսալի մէջ ձերբակալուած սուրիացիներու մահուան պատճառներուն վերաբերեալ:
Ան նշեց, որ վարչապետը շեշտած է նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի գումարելու երկրին տնտեսութեան եւ ապրուստի իրավիճակին վերաբերող յատուկ նիստեր:
Ապու Ասի նկատել տուաւ, որ Հարիրի ընդգծած է տնտեսական մարզը զարգացնելու կարեւորութիւնը:
Ապու Ասի նաեւ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը քննարկած է նշանակումներու հոլովոյթը եւ յետաձգած այդ կէտին վաւերացումը` յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով:
Ապու Ասի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է վերականգնող ուժանիւթով ելեկտրական հոսանք արտադրելու ծրագիրը:



