Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամը:
Նախանցեալ երեկոյեան Հարիրի վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ Հարիրիի խորհրդական Նատիմ Մունլա:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումներ ապահովելու մօտեցումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լոյսին տակ ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները:
ՆՇԵՆՔ, որ նիստէն ետք Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:



