Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը կրնայ նոր իշխանութիւններուն կատարելիք կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը ըլլալ:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ  կարելի չէ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել փտածութեան դէմ պայքարին միջոցով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մէջ կայ մեծ տոկոս մը, որ տնտեսական հարցեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ եթէ անոնց օրինական կարգավիճակին կարելի ըլլայ լուծումներ գտնել, ապա անոնք կը վերադառնան իրենց երկիրը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ կոչ ուղղեց հիմնելու նիւթական սեղմումի նախարարութիւն մը` մսխումներուն վերջ տալու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր գոյացուցած ազգային համաձայնութեան, սակայն վերջինս յանձնառութիւն չի ցուցաբերեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ պետական ամավարկի եւ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարներուն վաւերացումը կարեւոր է լիբանանեան տնտեսութիւնը աշխուժացնելու իմաստով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համոզուած են, որ աշխատավարձի յաւելումները պէտք է վաւերացուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները կոչ կ՛ուղղեն վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը կրակէ գնդակ մըն է, որմէ պէտք է ձերբազատիլ` զայն վաւերացնելով: Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը վաւերացնելու առումով պէտք չէ յաւելեալ յապաղումներ արձանագրել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ՄԱԿ կը մեղսակցի Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն հաւասարակշռութիւն մը իրականացնել պետութեան կարողութիւններուն եւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու իմաստով անոր պարտականութիւններուն միջեւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ խորհրդարանը աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին մէջ բարեկարգումներ պիտի պարտադրէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Հըզպալլա ռազմավարական փորձանք մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժերը կը մերժեն Հըզպալլայի հետ նոյն ընտրացանկերուն վրայ գտնուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ կամ ընտրական դաշինքներ գոյութիւն չունին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց բանակի հասցէին քննադատութիւն կատարողները:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի գործակատար Ուալիտ Պուխարիի` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եղբօր` Ապտել Ռահման պըն Ապտել Ազիզի մահուան առիթով: Մախզումի բարձր գնահատեց Ռիատի դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովութիւնը հովանաւորելու եւ քաղաքացիական անվտանգութեան հսկելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի ճակատամարտին սկսելու նպատակով ընդարձակ  պատրաստութիւններ կը տեսնուին Հըզպալլայի եւ սուրիական բանակին կողմէ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժեր եւ Մուսթաքպալ հոսանքը Արսալի ճակատամարտին պատճառներն են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան իշխանութիւններուն մշակած տնտեսական ծրագիրը կը հաստատէ, որ ապրուստի վերաբերող թղթածրարները առաջնահերթութիւններ են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի շարքերուն մէջ ներքին խլրտումներ նախատեսուած են: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Հարիրի ճնշումներ կը բանեցնէ Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելու:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ պետական հաստատութիւններու վարչական նշանակումներ կատարել` համախոհութեամբ:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ Երկու Զբօսաշրջիկներ Սպաննուեցան

Յաջորդը

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Իր Կարողութիւններուն, Գիտակցութեան Եւ Հասունութեան Ամէնէն Բարձր Մակարդակին Վրայ Կը Գտնուի»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?