. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Արշաւին թիրախը բանակի հրամանատարին անձը չէ, այլ կառավարութիւնը, մասնաւորաբար իշխանութիւնը: Բանակը լիբանանեան իրականութենէն անջատ կղզի մը չէ, այլ անոր աշխատանքը իշխանութեան կամքին արտայայտութիւնն է»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Արտասահմանի մէջ քուէարկողներուն (որոնց թիւը քաղաքական խնդիրներու եւ անոնց շուրջ տարակարծութեան հետեւանքով սպասուածին չափ չէր) արձանագրման դուռը փակելը պիտի յանգեցնէ կարգաւորման մը, որ կը փակէ այս թղթածրարը եւ զայն շրջանառութենէ դուրս կը բերէ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումը, ուղղակի ըլլայ այդ կամ անուղղակի, դիտաւորեալ կամ ակամայ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին բացայայտ խախտում է, որովհետեւ անոր աշխատանքը կը վտանգուի, երբ ան անվտանգութեան եւ կայունութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը կը նկատուի»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Սուրիոյ նախագահը Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու մեծ փափաք արտայայտեց` կոչ ուղղելով ուղղակի հաղորդակցութիւնները ամրապնդելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կառավարութեան նիստը նման էր քաղաքապետական խորհուրդի մը նիստին, որովհետեւ քաղաքական խնդիրներէն ոչ մէկը քննարկուեցաւ, եւ երբ կարգ մը նախարարներ փորձեցին արծարծել, օրինակի համար, բանակի հրամանատարին հետ պատահածը, հարցը փակուեցաւ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սպառողական ապրանքներու հոկտեմբեր 2025-ի ցուցանիշը 3,23 առ հարիւրով աւելի բարձր է, քան սեպտեմբեր 2025-ի ցուցանիշը, եւ 16,42 առ հարիւր աւելի բարձր, քան հոկտեմբեր 2024-ի ցուցանիշը:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 8000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.458.000 լ.ո.-ի եւ 1.498.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 18000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.455.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.070.000 լ.ո.:


